18 Նոյեմբերին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտնած է, որ Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին կոչը ընդունելէն քանի մը ժամ ետք, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը որոշած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծ մը քուէարկութեան ներկայացնել:
«Նախագիծը ստորագրած են Ծերակոյտի առաջին ամենամեծ 5 քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները, որ կը խորհրդանշէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Արցախի անկախութեան մասին համընդհանուր միաձայնութիւնը»,ըսած է Մայիլեան: