Վերջին օրերուն իրականացուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուածներու մէջ են նաեւ բազմաթիւ դաշնակցականներ: Ոստիկանութեան տարբեր բաժանմունքներու եւ մեկուսարաններու մէջ կը գտնուին կուսակցութեան շուրջ 3 տասնեակ անդամներ, որոնց մէջ են Արցախեան առաջին, Ապրիլեան քառօրեայ եւ Արցախեան վերջին պատերազմին մասնակից, նաեւ վիրաւորուած կամաւորներ, սփիւռքահայ երիտասարդներ, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներ: