Այսօր` 1 Դեկտեմբերին, ՀՀ կառավարութեան շէնքին առջեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով հացադուլ յայտարարած` ՀՅԴ անդամներ Գեղամ Մանուկեանին ու Գարիկ Աւետիսեանին այցելած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսը: Վեհափառը յորդորած է զիրենք` դադարեցնել հացադուլը: Տեղեկութիւնը հաստատած է Գեղամ Մանուկեանը` աւելցնելով. «Սիրելի զինակիցներ, ընկերներ, հարազատներ: Մեր միասնական հացադուլի 9-րդ օրը, կառավարութեան շէնքի դիմաց մեզի այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Ան բաւական երկար զրուցեց մեզի հետ, յորդորեց դադրեցնել հացադուլը, քանի որ պայքարի այլ ուղիներ կան: Նախապէս եղած էին բազում նման յորդորներ, բայց շարունակած էինք մեր գործողութիւնները: Վեհափառ Հայրապետին դժուար էր մերժել: Այսօրուընէ մեր զինակից ընկերներուն հետ կը դադրեցնենք հացադուլը, ու կը շարունակենք մեր պայքարը: Նոր օր, նոր ՊԱՅՔԱՐ: «Նիկոլը պէտք է անյապաղ հեռանայ: Մանրամասնութիւնները կը ներկայացնեմ այսօր երեկոյեան: Շնորհակալ եմ աջակցութեան, զօրակցութեան եւ սրտացաւ ձեր մօտեցումին համար»: