«Երկիր».- Հայաստանի Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի ընթացքին անյայտ կորած զինուորական ծառայողներու հարցը կը գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուշադրութեան տակ:
«Դեսպանատունը բազմաթիւ դիմումներ կը ստանայ Լեռնային Ղարաբաղի մարտական գործողութիւններու ընթացքին անյայտ կորսուած զինուորական ծառայողներու յայտնաբերման եւ զոհուածներուն հարազատներուն փոխանցելու մասին: Լիովին կը բաժնեկցինք մարդկային մեծ ողբերգութեան բախուած ընտանիքներու տագնապն ու վիշտը: Ռուսիոյ խաղաղապահ դաշնակից զինուորական ուժը եւ մարդասիրական արձագանգման միջգերատեսչական կեդրոնը անմիջականօրէն ներգրաւուած են այդ սուր հարցի լուծման մէջ` գործելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններու, ինչպէս նաեւ լիազօրուած միջազգային կազմակերպութիւններու հետ սերտ համակարգումով: Այս հարցը կը գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուշադրութեան տակ, որ յատուկ նշանակութիւն կու տայ 9 նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն համապարփակ իրականացումին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
ՌԴ դեսպանատունը յիշեցուցած է, որ այս ողբերգական իրավիճակին մէջ յայտնուածներուն օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէն ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին զոհուած, անյայտ կորսուած եւ գերեվարուած զինուորական ծառայողներու եւ այլ անձերու մասին տեղեկատուութեան հաւաքման եւ մշակման յատուկ յանձնաժողով: