“Արմէնփրէս”._ Ատրպէյճանական կողմը 12 Դեկտեմբերին վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան Հին Թաղլար եւ Խծաբերդ բնակավայրերու ուղղութեամբ:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են համարժէք միջոցառումներու հակառակորդի գործունէութիւնը ճնշելու համար:

Յիշեցնենք, որ Արցախի ՊԲ-ն յայտարարած էր, որ 11 Դեկտեմբերի 11-ին՝ ժամը 20:40-ի սահմաններուն, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է յարձակման փորձի։ Փոխհրաձգութեան հետեւանքով տարբեր աստիճաններու հրազէնային վիրաւորումներ ստացած են երեք պահեստազօրայիններ: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի։

Հին Թաղլար (Հին Թաղեր) եւ Խծաբերդ բնակավայրերը Հադրութի շրջանին մէջ են։