Գերմանիոյ Սաքսոնի շրջանէն՝ Հեմլըն անունով քաղաքէն մեզի հասած է հեքիաթ մը, որ հիւսուած է 1200-ական տարիներուն, ներշնչման աղբիւր եղած է գրողներու, երաժիշտներու եւ այլ արուեստագէտներու:
Հեքիաթը. Հէմլընի մէջ ատեն մը առնէտները բազմացած են, պատճառ դառնալով հիւանդութեանց ու այլ պատուհասներու: Քաղաքացիք չեն կրցած ձերբազատիլ պոչաւոր պատուհասներէն: Օր մըն ալ քաղաքին մէջ երեւցած է գունագեղ զգեստներով կախարդ մը, որ քաղաքապետէն մեծ պարգեւի մը խոստումը առնելով՝ խոստացած է քաղաքը ձերբազատել կրծող չորքոտանիներէն: Կախարդը ունէր սրինգ մը, զոր նուագելով՝ հրապուրած է առնէտները, զանոնք առաջնորդած է դէպի մօտակայ գետ մը եւ ջրամոյն ընելով՝ քաղաքը փրկած է պատուհասէն: Քաղաքապետը դրժած է խոստումը եւ զլացած է պարգեւը: Վրէժ լուծելու համար, կախարդը քաշած է իր սրինգը (զինուոր չէր որ սուր քաշէր) եւ դարձեալ նուագելով՝ հրապուրած է քաղաքի բոլոր մանուկները ու զանոնք առաջնորդելով քաղաքէն դուրս (քաղաքացիք կ’աղօթէին եկեղեցւոյ մէջ), անհետ կորսնցուցած է (տարբերակ մը կ’ըսէ, թէ զանոնք գետը թափած է, ուրիշ մը՝ բանտարկած է քարայրի մը մէջ): Քաղաքացիներուն զղջումն ու ափսոսանքը մնացած են անհետեւանք:
***
13-րդ դարէն ցատկենք 21-րդ դար՝ Հայաստան, ուր հիւսուեցաւ մեր օրերու հեքիաթը:
2018՝ Նիկոլ Փաշինեան, առանց գունագեղ զգեստներու, այլ հռետորական սրինգով, մեր ժողովուրդին խոստացաւ երկիրը ձերբազատել երկոտանի «առնէտներէ»: Ժողովուրդը չզլացաւ, այլ զինք պարգեւատրեց՝ անոր վստահելով վարչապետի պաշտօնը: Փաշինեանի «սրինգը» ախորժալուր հնչեց ամբողջ 2.5 տարի, հրապուրեց հայրենի եւ արտերկրի հայութեան ստուար մէկ հատուածը: Եղան վերապահներ ու զգուշացնողներ, սակայն հրապոյրը կը հնչէր հաւաստի եւ յուսատու: Անիկա պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ չլսեն նաեւ մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններ հրկիզող հրդեհներուն ճարճատիւնները:
Եւ եղաւ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը,
Եւ եղաւ 10 Նոյեմբերի ծանօթ համաձայնագիրը:
Մարդիկ արթնցան եւ տեսան, որ Արցախի մեծ մասը կորսուած է վարչապետին ստորագրութեամբ, Զանգեզուրն ու Սիւնիքը վտանգի տակ դրուած են նոյն համաձայնագիրին մէկ յօդուածով, համաձայնագիրին բազմաթիւ կէտերը հիմա կը թուին գամուած ըլլալ անհեթեթի պատին, իսկ թշնամին կը բացայայտէ նոյնինքն Հայաստանը կլանելու ծրագիրներ:
Փաշինեանի սրինգը կը շարունակէ կախարդել շատեր, փակ կը պահէ ականջներ եւ աչքեր, ու մարդիկ կը շարունակեն հաւատալ սրինգէն հնչած այն մեղեդիին, թէ՝ «հիները պիտի վերադառնան» (յայտնապէս թուրքին ու ազերիին բռնակցումները նախամեծար են, անկախ անկէ, թէ հին «առնէտներու» վերադարձ չկայ օրակարգի վրայ):
Իսկ թէ «առնէտները» չքացա՞ծ են՝ թող պատասխանը տայ հայրենի ժողովուրդը՝ ինք, որ տարուած կը մնայ «2.5 տարին բաւարար ժամանակ չէ առնէտները հեռացնելու» նուագով: Իսկ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ 44 օրը բաւարար ըլլայ Արցախի մեծ մասի կորուստին, եւ ահա մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակենք հիներն ու նորերը մեղադրող երգչախումբին համերգը…
***
…Հայաստան-Հէմլընի բնակիչներուն զղջումն ու ափսոսանքը արդեօք պիտի ծնի նորանոր կորուստներէ ե՞տք, եւ իբրեւ մխիթարանք՝ Արամ Խաչատուրեանի անուան սրահին մէջ պիտի վայելենք «առեւտուր պիտի զարգացնենք եւ բարգաւաճինք»ի համե՞րգ մը:
Հեքիաթը՝ հեքիաթ: Կայ դաժան ու լեղի իրականութիւնը, զոր կարելի չէ կուլ տալ, որքան ալ մեղրապատ ըլլայ ծածկոյթը:
Սարգիս Մահսերէճեան