“Թերթ”._Realtribune.ru կայքը կը տեղեկացնէ, որ Al Monitor պարբերականի սիւնակագիր Ֆեհիմ Թաշքեթին թուարկած է հիմնական դիրքերը, զորս Իրանը պիտի կորսնցնէ` Հայաստանի տարածքով Թուրքիայէն Ատրպէյճան ուղիղ երթեւեկի կապի հաստատումին պարագային։ Այսպիսով Թաշքեթին յայտնած է. 1) Նախատեսուած երթեւեկութեան միջանցքով խողովակաշարը կրնայ նոազեցնել Թուրքիոյ ուժանիւթի ծախսերը: Անգարան հազար խորանարդ մեթր իրանական կազի համար կը վճարէ 490 ամ․ տոլար, իսկ Նախիջեւանով անցնող խողովակաշարը կրնայ ծախսը իջեցնել մինչեւ 335 ամ․ տոլարի: 2) Թուրքմենական կազը նոյնպէս կրնայ դէպի Թուրքիա հոսիլ: 3) Նախիջեւանի միջանցքը կ’ամրապնդէ Թուրքիոյ դիրքերը՝ 2026 թուականին երբ բանակցութիւններ սկսին Իրանի հետ իր կազային պայմանագիրին երկարաձգման շուրջ: 4) ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ իրականացուող Թրանսկասպեան կազատարի նախագիծը կրնայ վերածնիլ: 5) Անդրանատոլիական կազատարի աշխատանքը, որ նախատեսուած է ատրպէյճանական կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա տեղափոխելու, կրնայ կրկնապատկուիլ՝ տարեկան կազմելով 32 միլիար խորանարդ մեթր։ 6) Թուրքիայէն Նախիջեւան 230 քմ երկարութեամբ երկաթուղագիծը կրնայ միացնել Պաքուն, Թիֆլիսն ու Կարսը կապող երկաթուղին Իրան-Աֆղանիստան-Փաքիստան երթուղիին հետ՝ Թուրքիան դարձնելով հիմնական տարանցիկ հանգոյց: Sabah պարբերականը, որ չի պահեր իր համակրանքը Թուրքիոյ կառավարութեան հանդէպ, աւելի առաջ անցած է՝ յայտարարելով, որ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջանցքը «ռազմավարական առեւտրային եւ ուժանիւթի ճամբայ կը բանայ՝ Թուրքիան ուղղելով դէպի Խաղաղ ովկիանոսի ափեր»: Սակայն Թուրքիոյ երազանքները մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Իրանի մէջ։ Երկար տարիներ Իրանը ծառայած է իբրեւ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այլընտրանքային ցամաքային կապ ՝ շահոյթ ստանալով եւ մեծցնելով իր ազդեցութիւնը Պաքուի մէջ։ Իրան այժմ կրնայ կորսնցել այդ ազդեցութիւնը: Ըստ իրանական Mashreq առցանց հրատարակութեան, Իսլամական Հանրապետութիւնը 15% կը ստանայ Նախիջեւան ատրպէյճանական կազի մատակարարումէն: Ան նաեւ կը ծառայէ որպէս Միջին Ասիա թրքական արտադրութիւններու արտահանման ճամբայ: Միջին հաշուով ամէն ամիս իրանական երթեւեկութեան ճամբայէն կ’օգտուի մօտաւորապէս 12․000 թրքական բեռնատար: Միեւնոյն ատեն, Իրանը դէպի Թուրքմենիստանի սահման Թուրքիոյ 1800 քիլոմեթրնոց ճամբայ տրամադրելու համար 800 տոլար վարձք կը գանձէ: Այս եկամուտները ներկայիս կրնան նուազիլ: Իրանական Javan Daily հրատարակութիւնը իր կարգին յայտնած է, որ Թուրքիա կը հետեւի Ուաշինկթընի ռազմավարութեան, կը սպառնայ ինչպէս Իրանին, այնպէս ալ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերուն, ուստի Թեհրան «չ’ընդունիր նման միջանցքի կառուցում»: