Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հարիւրաւոր համախոհներ, արձագանգելով շարժումի առաջնորդներու կոչին, 21 Դեկտեմբերի, վարչապետի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյց իրականացուցած են Քալիֆորնիոյ Պրպանք քաղաքին մէջ:
Բանախօսները վրդովմունք յայտնածեն Արցախի 75%-ի կորուստին, անյայտ կորսուած զինուորներու ճակատագիրին, Սիւնիքի տարածքներու կորուստին, Արցախի տեղահանուած ընտանիքներուն առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամին եւ, ընդհանրապէս, Նիկոլ Փաշինեանին սուտի ու խաբէութեան ղեկավարումին առնչութեամբ, որ խաթարեց ողջ պատերազմը եւ կը շարունակուի մինչ օրս:
Ելոյթով հանդէս եկան Զարեհ Աճեմեանը (ՀՅԴ Պրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէ), Ռոպերթ Մարկարեանը (քաղաքական վերլուծաբան), Լեւոն Պարոնեանը (Արեւելեան հովիտի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէ), Արթուր Սահակեանը (հեռուստատեսային արտադրիչ), Պետրոս Հաճեանը (համայնքային գործիչ), Անի Ղազարեանը (Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն), Արմէն Շահպազեանը («Զօրաւիգ» Ռազմահայրենասիրական Միութիւն), Սահակ Միքայէլեանը (համայնքային գործիչ), Շանթ Նաճարեանը (ՀՅԴ Պրպենքի ,«Աղբալէան» կոմիտէ):
Ցոյցի մասնակիցներուն խօսքին համաձայն, այս պարտութիւնը տակաւին 2.5 տարի առաջ քայլ առ քայլ նախաձեռնուած էր: Անոնք յայտնած են, որ երկու հիմնական նպատակ ունին` Սփիւռքը միացնել «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին» եւ պայքարը շարունակել մինչեւ վարչապետ Փաշինեանին հրաժարականը: