Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 30 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներուն հետ:
Ներկայացնելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը` Մանուկեան անդրադարձած է պատերազմի վերսկսկսումին, հայկական կողմի կրած պարտութեան պատճառներուն, այդ ամէնուն հետեւանքով յառաջացած հարցերուն եւ անոնց լուծման կարելիութեան:
«Մարդը, որ իր գործը կը տապալէ, պէտք է հեռանայ: Տապալումի պատճառներուն մասին խօսիլը այլ հարց է: Իսկ ստեղծուած հարցերը ան չի կրնար լուծել, որովհետեւ նախ իր կարողութիւնները չեն բաւարարեր, բացի այդ իրեն չեն վստաիր ո՛չ երկրի ներսը, ո՛չ դուրսը»:
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածուն ներկայացուցած է խումբ մը հարցեր, որոնք ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային պէտք է դառնան առաջնային եւ ըլլան կառավարութեան ուշադրութեան տակ՝ բանակի արդիականացում, Արցախի հարցի վերականգնում ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով, բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու վերականգնում եւ վերաիմաստաւորում, ֆինանսատնտեսական եւ ընկերային հրատապ ծրագիրներու իրականացում երկիրը խորացող ճգնաժամէն դուրս բերելու համար, մարդկային աղբիւրներու արդիւնաւէտ օգտագործում եւ այլն:
Կարեւոր համարելով նշեալ հարցերու լուծման ուղղութեամբ մտաւորականութեան, մշակոյթի գործիչներուն անմիջական դերակատարումը` Մանուկեան յայտնած է, որ պատրաստ է համագործակցելու արարող, մեր պետութեան ապագայով մտահոգ բոլոր կարող ուժերուն հետ: