«Արմէնփրէս».-Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին հետեւանքով ստորագրուած` տարածաշրջանային իրավիճակին զարգացման մասին միատեղ յայտարարութիւնը կ’ենթադրէ որոշակի քայլեր տնտեսական կապերու կառուցման ուղղութեամբ: Երեք երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումի աւարտէն վերջ ճեպազրոյցով ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ յայտարարութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ ենթակառոյցներու նախագիծերու զարգացում: Այդ նպատակով պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ, որ պիտի ղեկավարեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները: Անոնք մօտ ապագային պիտի ստեղծեն աշխատանքային փորձագիտական ենթախումբեր, պիտի ներկայացնեն որոշակի նախագիծեր տարածաշրջանի տնտեսութեան եւ երթեւեկային ենթակառոյցներու զարգացումի մասին:

«Վստահ եմ, որ այդ համաձայնութիւններու իրագործումը  շահաւէտ պիտի ըլլայ ինչպէս Հայաստանին, Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն, նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար», ըսաւ ՌԴ նախագահը:

Վլատիմիր Փութին աւելցուց, որ հերթականութեամբ պիտի իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի մասին 9 Նոյեմբեր  2020-ին ստորագրուած միատեղ յայտարարութեան համաձայնութիւնները: Ռուս խաղաղապահները լիովին իրականացուցած են իրենց պարտականութիւնները: Ան տեղեկացուց, որ արդէն 48 հազարէն աւելի բնակիչ  վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ: Զգալի աշխատանք կատարուած է տեղւոյն ենթակառոյցները վերականգնելու համար: