«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադէոսեան հաղորդած է, որ որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով 11 Յունուարին, Հադրութի, Սղնախի եւ Ճապրայիլի տարածքներուն մէջ յայտնաբերուած է 10 զինուորական ծառայողի եւ 1 քաղաքացիական անձի դիակ:

Թադէոսեան յայտնած է, որ քաղաքացիական անձի դիակը յայտնաբերուած է Հադրութի շրջանի Վարդաշատ գիւղէն. «տղամարդ է, հարազատները անոր մարմինը ճանչցած են»: