Արծուաբոյն իմ երկիր,
Սրտիս տրոփիւնը
Լեռներուդ մէջ կ’արձագանգէ։
Որպէս արծիւ՝ թեւերս լայն կը ճախրէի
Խրոխտ լեռներուդ մէջ,
Հուժկու բազուկներուդ վրայ կը թափառէի…
Հայեացքս ընդարձակ
Քաջերուս հերոսութիւնը կ’ըմբոշխնէի,
Դարերէն եկած ղօղանջը կը հնչէր։
Չորրորդ  դարէն իսկ Ամարասը Այբուբենով կը սնանէր,
Ղազանչեցոցը իր արիութեամբ իսկ շարական կ’երգէր,
Գանձասարը աղօթքի ուժը կը տարածէր համայն երկրիս,
Վանքասարը կը հսկէր մեր արիւնով ազատագրուած հողերը
Եւ Դադիվանքը կ’օրհնէր մեր սերունդները։
Արծուաբոյն իմ երկիր,
Արտասուքս արդէն արիւնին միացաւ։
Ա՜խ զաւակներս,
Լեռներն անգամ անխօս են,
Իսկ շառաչող քամին կը բացագանչէ
Վիշտս մեծ է, իմ հզօր Արցախ։
Արծուաբոյն իմ երկիր,
Զօրավարներդ պիտի ժայթքեն հողէն,
պիտի յառնեն ու սլանան լեռներն ի վեր
հուրէ սուրը իրենց ձեռքին։
Արծուաբոյն իմ երկիր,
Իմ Արցախ,
Ծունկի պիտի չգան զաւակներդ,
Նոյնիսկ երբ հարուածը ուժգին է
Ու թիկունքն անգամ վիրաւոր։
Վկայ ամրաբերդ Շուշին,
Վկայ արիւնը մեր հերոսներուն
Եւ վկայ մեր դարաւոր Արցախը։
Որպէս արծիւ կը ճախրեմ
հերոսներուս հետ միասին
կը սլանանք այս անարդար
աշխարհն ի վեր,
այս անգամ մարդկութեան
արդարութիւնը մեր ժանիքներուն մէջ առած
ու բռունցքի հարուածը գալիքին մէջ պարփակած։
Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»