ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի նախկին խմբապետ Ֆիրաս ալ Խաթիպ գրաւեց արաբ երկիրներու յարձակողական խաղացողներու միջազգային 19-րդ հորիզոնականը: 2001-էն 2020 թուականներու միջեւ երկարող տարիներուն, Խաթիպ նշանակած է 344 կոլ: Աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւեց Փորթուկալի հաւաքականի խաղացող Քրիստիանօ Ռոնալտօն 756 կոլով, իրեն յաջորդեց արժանթինցի Լիոնէլ Մեսսին 715 կոլով:
Աւելցնենք որ Խաթիպ Սուրիոյ հաւաքականին հետ մաս կազմած է 72 մրցումներու, նշանակած է 36 կոլ: Ան իր մարզական կեանքը սկսած է Քարամէ խումբին հետ, որմէ ետք մաս կազմած է արաբական այլ ակումբներու:
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի մէջ Իթթիհատը 83-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց բազմակի ախոյեան Դամասկոսի Ճէյշը:  Հոմսի Քարամէն 73-51 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէին եւ շարունակեց գլխաւորել աղիւսակը:
– Հալէպի Իթթիհատ ակումբը մէկ տարուան պայմանագրութիւն կնքեց Իրանի Մահրամ խումբի մարզիչ Միհրան Հաթիմին հետ ստանձնելու պասքեթի տղոց խումբի մարզիչութեան պաշտօնը: Հաթիմին շաբթուան աւարտին պիտի ժամանէ Հալէպ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԵՂԻՇԷ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԻՒՆԻԿԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ 
Երեւանի Փիւնիկ ակումբի վարչակազմը Կիրակի օր պայմանագիր ստորագրած է Եղիշէ Մելիքեանի հետ։ Ըստ ակումբի դիմատետրի էջին, Եղիշէն մէկ տա- րուան պայմանագրութիւն կնքած է Փիւնիկի հետ: 41 տարեկան մասնագէտին վերջին աշխատավայրը եղած է Երեւանի Ալաշկերտը: Եղիշէ Մելիքեան աշխատած է նաեւ ուքրանական Մեթալուրկ, Սթալ եւ Լիվով ակումբներուն հետ: Մելիքեան Հայաստանի հաւաքականին հետ մաս կազմած է 30 մրցումներու:
ԱԲՐԱՀԱՄ ԽԱՇՄԱՆԵԱՆ ԿՐԿԻՆ ԱԼԱՇԿԵՐՏԻ ՄԱՐԶԻՉ
Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ Երեւանի Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ: Այդ մասին յայտարարեց ֆութպոլային ակումբի մամուլի ծառայութիւնը: Փորձառու մասնագէտին գլխաւորութեամբ Ալաշկերտը նախապէս երկու անգամ դարձած է Հայաստանի ախոյեան եւ մէկ անգամ՝ Հայաստանի գաւաթակիր ու սուփըր գաւաթակիր: Խումբը իր մարզումները վերսկսաւ 10 Յունուարին յառաջիկային պիտի կատարէ երկու ուսումնամարզական հաւաք:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՆԷՅՄԱՐԻՆ 
Անցեալ շաբթուան աւարտին, Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերման ակումբը յատուկ առաջարկով մը ներկայացած է խումբի պրազիլցի խաղացող Նէյմարին, երկարաձգելու համար անոր հետ ունեցած պայմանագրութիւնը: Ըստ ֆրանսական «Լօ Փարիզեան» թերթին, 27 տարեկան խաղացողը ներկայիս նոր տարուան եւ ծննդեան տօներուն առիթներով կը գտնուի Պրազիլ: Ան տակաւին իր վերջնական համաձայնութիւնը չէ ներկայացուցած վարչութեան, խոստանալով որ յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ իր կեցուածքը կազմին նկատմամբ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան