«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 19 Յունուարին, երկրին յաջորդ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Էնթընի Պլինքընը հարցաքննելու ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ դատապարտեց Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումին մէջ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները եւ Պաքուն զինելու Անգարայի անպատասխանատու քայլերը։ Ան նաեւ դատապարտեց Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները:

Մենենտեզ յիշեցուց Անգարայի ապակայունացնող քաղաքականութիւնը՝ Սուրիայէն մինչեւ Լիպիա եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ լրագրողներու եւ իրաւանց պաշտպաններու շարունակուող քրէական հետապնդումները Թուրքիոյ մէջ:


Ծերակուտականը ցաւ յայտնեց, որ Թրամփի անպատասխանատու կեցուածքին հետեւանքով, Անգարա ազատօրէն շարունակեց իր արարքները՝ վնասներ պատճառելով իր դրացիներուն:

«Շատ յստակ կը տեսնենք, որ դաշնակից Թուրքիան բազմաթիւ հարցերու մէջ, ինչպէս նշեցիք, չի գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է: Այս մէկը շատ լուրջ մարտահրաւէր է մեզի համար, եւ մենք շատ յստակ կը գիտակցինք անոր», վստահեցուց Պլինքըն, անընդունելի համարելով Թուրքիան «ռազմավարական դաշնակից» անուանել, «երբ մեր ռազմավարական դաշնակիցը կը գործակցի մեր գլխաւոր ռազմավարական մրցակիցին` Ռուսիոյ հետ»:

Մենենտեզ նաեւ կոչ ըրաւ Պայտընի վարչակազմին, որ յստակօրէն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հետեւելով Քոնկրեսի օրինակին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Մենետեզի հարցապնդումը։