Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան սակագիներու ճշդման եւ սպառողի պահպանման յանձնախումբի պատասխանատու դոկտ. Ալի Ուաննուս յայտնեց, որ պենզինի գինը չէ բարձրացած, բարձրացած է պենզինով բանող ինքնաշարժներու տարեկան տուրքը: Յիշեալ տուրքը կը յատկացուի Փոխադրութեան Նախարարութեան:
-Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին Սուրիոյ մէջ պենզինի  գիները հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէին՝ պետութեան կողմէ յատկացուող պենզինի լիթրը՝ 475 ս.ո., ինքնաշարժներու  կամ այլ կարիքներու համար վաճառուող պենզինի լիթրը՝ 675 ս.ո.:
-Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին Սուրիոյ խորհրդարանի տնտեսութեան եւ ջերմուժի յանձնաժողովը քննարկեց Սուրիոյ մէջ ներդրումային նոր օրէնքին բանաձեւը: Օրէնքը պիտի խրախուսէ Սուրիոյ մէջ ներդրումները եւ նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ անոնց համար: