«Երկիր».- Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ՏԱԱՍ-ին յայտնած է, որ 30 Յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումի վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնը իր աշխատանքները կը սկսի: Թուրք նախարարի խօսքին համաձայն, կեդրոնին մէջ պիտի ծառայեն մէկ գեներալ եւ 38 թուրք զինուորականներ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան նախորդ տարուան Նոյեմբերին յայտարարած էր Անգարան՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ միատեղ կեդրոնի միջոցով հրադադարի դիտարկումի եւ վերահսկումի գործողութիւններ իրականացնելու մտադրութիւնը: Աւելի ուշ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը բացատրած էր, որ այս կեդրոնը առնչութիւն չունի խաղաղապահներու գործունէութեան հետ: