Լռութիւն, մութ է…
քաղաքը շատոնց արդէն նիրհած է…
կը հանդիպին մէկ մէկու
ծիր կաթինի ճամբուն վրայ
ամչնալով, դողալով կը մօտենան իրարու,
կը համբուրուին ու կ՚երթան…
ամէն գիշեր, հոն՝
ծիր կաթինի ճամբուն վրայ,
որպէս գաղտնի հեթանոս ծէս
կը հանդիպին երկու ոգի
ու ծէսէն ետք անծանօթի մը նման
կը շարունակեն իրենց ճամբան
մինչ մարմիններն անոնց, հոս՝
լուռ քաղաքին մէջ մթնած,
անուշ քունով կը նիրհեն
երազելով ուրիշ մը, որ երբեք ալ իրենց չէ…
Վեհան