ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Վարչութիւնը Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն տրամադրած օժանդակութեան մասին 1 Փետրուարին յայտարարութիւն հրապարակած է.

«4 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հաստատումով եւ հովանաւորութեամբ` սկսաւ Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրը, որ իրագործուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակուի  քանի մը ուղղութիւններով եւ փուլերով: Ծրագիրը կ’իրագործուի ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցին եւ անհատ բարերարներու նուիրատուութեամբ:

Ստորեւ ներկայացուած է ծրագիրի արդիւնքները ամփոփուած մինչեւ 31 Յունուար 2021։

-4 Հոկտեմբեր 2020-էն  սկսեալ այս ծրագիրով բաշխուած է 740 սննդեղէնի եւ մաքրութեան պարագաներու փաթեթներ` 1480 տոպրակ` 22200 քիլօ ապրանք 3655 հոգիի, 8 թոն գետնախնձոր եւ կաղամբ.

-Արցախցի երեխաներուն տրուած է գրենական պիտոյքներու 150 փաթեթ.

-Արցախցի երեխաներուն բաժնուած է 200 հատ խաղալիք.

-Ամանորեայ ծրագիր Արցախցի երեխաներուն եւ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի գայլիկներուն մասնակցութեամբ նախաձեռնութիւն 2 փուլով` 4-8 եւ 9-12 տարեկաններուն համար: Աւարտին բաժնուած են 350 տոպրակ Նոր Տարուան նուէրներ.

-Արցախցի ընտանիքներուն համար Նոր Տարուան յատուկ փաթեթ, որ կը պարունակէր 20 հազար դրամնոց Քարֆուր ցանցէն գնումի քարտ եւ 20 հազար դրամ կանխիկ գումար, եւ Նոր Տարուան տօնական սնունդ:Օգտուած է 350 ընտանիք:

-Երեխաներու Ամանօրեայ նախաձեռնութենէն ստացուած «Սկաուտ Ձմեռ Պապիկին Նամակ» ծրագիրով 32 երեխաներու համար իղձերու իրականացում.

-Մեծ քանակով հագուստեղէնի եւ երեխաներու տաքդիրներու բաշխում.

-Զինուորներու համար տաք հագուստ եւ առաջին բուժօգնութեան պարագաներ.

Այս օրերուն այցելութիւններ կը կատարուին մեր մօտ գրանցուած եւ տակաւին Հայաստանի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, մօտէն ծանօթանալով իրենց կենսական պայմաններուն եւ պահանջներուն, որուն հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ վերանայիլ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի կողմէն իրականացուող ծրագիրներու ուղղութիւնները եւ աւելի նպատակային դարձնել յատկացուող օժանդակութեան տեսակը:

Շնորհակալութիւն կը  յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն, մշտապէս մեր կողքին ըլլալու եւ այս կարեւորագոյն ծրագիրին սատարելուն համար:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւն»