Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 1:18-ին, Իսրայէլ հրթիռներ արձակեց Կոլանէն եւ Ճալիլէն Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։