15 Փետրուարին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան Ազատութեան հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիներուն հետ:

Մարդոց յորդորներուն, որ կտրուկ քայլերու դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնեն, Մանուկեան պատասխանեց` մենք կտրուկ կ’անուանենք այն քայլերը, որոնք այս իրավիճակին մէջ շատ բնական են:

«20 Փետրուարին, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքին ընթացքին, ոստիկանները ուժ պիտի չկիրառեն, որովհետեւ այնքան մեծ հանրահաւաք պիտի ըլլայ, որ ոստիկանական ուժերը բաւարար պիտի չըլլան», համոզուած է Վազգէն Մանուկեան:

Լրագրողներու այն դիտարկումին, թէ արդեօ՞ք նախադրեալներ կան, որ 20 Փետրուարին հանրահաւաքը մեծ ըլլայ, Մանուկեան հարցումով պատասխանեց` ո՞ր նախադրեալները  փոխուած են, որ մարդաշատ չըլլայ․ մենք  սարսափելի խայտառակ պարտութիւն ունեցած ենք պատերազմին:

Վազգէն Մանուկեան նաեւ առաջարկեց պատկերացնել, որ Նիկոլ Փաշինեանը մնացած է իշխանութեան․ «Մոռցէք, որ դաւաճանութիւն կատարած է, ապագային համար նայինք` ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ»:

Ան նկատեց, որ ղեկավար մը, որ Հայաստանի մէջ պրոնզէ բաճկոնով , տասնեակ մեքենաներով կը պտտի, եւ անընդհատ կը հաւաքէ ոստիկաններ, ղեկավար, որ արտաքին աշխարհին հետ խօսելու ընթացքին խեղճացած`  իրմէ ինչ որ պահանջեն` կ’ընէ, ինչպէ՞ս պիտի ղեկավարէ Հայաստանը: