17 Փետրուարին Ռուսիոյ  դեսպանատանը ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում  ունեցած են Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին հետ:

Հանդիպումի ընթացքին միտքեր  փոխանակուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծաւալող գործընթացներուն, Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան, Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան, Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ այլ հարցերու առնչութեամբ:

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ