«Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Փետրուարին ընդունած է Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերու նախարար Ուենտի Մորթընին:

Ողջունելով նախարար Մորթընի աշխատանքային այցելութիւնը Հայաստան, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ երկու երկիրները փոխգործակցութեան զարգացման մեծ ներուժ ունին:

Հանդիպումին անդրադարձած են արցախեան պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն: Երկուստէք կարեւոր  դիտարկուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը` ղարաբաղեան հիմնահարցի վերջնական եւ տեւական կարգաւորման հարցին մէջ: Ի թիւս  շարք մը առաջնային հարցերուն,  մարդասիրական խնդիրներուն, նախագահ Սարգսեան առանցքային  համարած է  Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերուն շուտափոյթ վերադարձի հարցը: Նախագահը անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող տարածքներու մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջանին յառաջացած  շարք մը հարցերուն:

Հանդիպումին խօսուած է նաեւ պսակաձեւ ժահրի համավարակի հետ կապուած իրավիճակին, համավարակի կանխարգիլման ու տարածման ուղղութեամբ երկու երկիրներու գործակցութեան մասին: Հեռանկարային  համարուած է նաեւ գործակցութիւնը տեղեկատուական եւ բարձր ճարտարագիտութեան, արհեստական բանականութեան, առողջապահութեան, գիտութեան ու կրթութեան, ուժանիւթի եւ  շարք մը այլ ոլորտներու մէջ: Կարեւոր համարուած  է նաեւ փոխգործակցութիւնը կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարին մէջ: