«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ թայիպ Էրտողանի հետ, որուն ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութիւններու իրականացումը:
«Շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին քննարկումը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւններու կատարումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգումը ` ի շահ տարածաշրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացմանը», արձանագրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները գոհունակութհամբ արձանագրած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միատեղ կեդրոնի աշխատանքին մեկնարկը: