20 Փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին բազմահազարանոց հանրահաւաքը: Օրը պատահական չէր ընտրուած` 1988 թուականի այս օրը սկսած էր արցախեան շարժումը:

Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի մեկնարկին ընդգծեց, որ յուզիչ օր է, որովհետեւ 33 տարի առաջ նոյնպիսի եղանակի պայմաններու տակ տեղի ունեցած է առաջին հանրահաւաքը, որմով սկսած է արցախեան շարժումը:

Հանրահաւաքին իր ելոյթով ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ Արցախեան շարժումէն 33 տարի վերջ այս պատմական հրապարակին վրայ, այս պատմական օրը մենք պէտք է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բանանք նոր լուսաւոր էջ:

«Դուք նաեւ այսօր ուժեղ ապտակ տուիք այս իշխանական խմբակին եւ անոնց, որոնք կ’ըսէին` այս շարժումը մարած է, որ ժողովուրդը համակերպած է այս վիճակին: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ այսպիսի ապիկար, տկար, սրիկա, անսրբութիւն, ստախօս իշխանութիւն երբեք չէ ունեցած»,ըսաւ ան:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», կը վանկարկէին հանրահաւաքին մասնակիցները:

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ նախկին վարչապետ, «Ազատութիւն» կուսակցութեան նախագահ Հրանտ Բագրատեան, ՀՅԴ անդամ, «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի խորհրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան:

Ազատութեան հրապարակին վրայ 20 Փետրուարին տեղի ունեցող Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին հանրահաւաքով յայտարարուած է շարժումի նոր սկիզբ․ հանրահաւաքի աւարտին դիտել տուաւ Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ  նոր էջ պիտի բացուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքին յաջորդեց երթը Երեւանի Կեդրոնի տարբեր փողոցներով: Երթին մասնակիցները փակեցին կեդրոնական փողոցները:

ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երթի աւարտին հրապարակէն յայտարարեց, որ այսօր դուք այս կառավարութեան մէջ գտնուող դաւաճանները ցոյց տուիք, որ այս շարժումը չէ մարած, կանգ պիտի չառնէ, այլ պիտի  դառնայ համաժողովրդական պայքար: 22 Փետրուարէն  սկսեալ ցոյցերը պիտի կրեն ամենօրեայ բնոյթ: Ան  ներկայացուց  մանրամասնութիւններ յառաջիկայ օրերու գործողութիւններուն մասին: Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Երկուշաբթի օրը, ժամը 18:00-ին Կոմիտասի Պրահայի այգիին դիմաց կը սկսի անհնազանդութեան երթ, որ պիտի տարբերի միւս երթերէն, որովհետեւ անհնազանդութեան երթ պիտի ըլլայ: