ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 22 Փետրուարին հաղորդած է, որ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարիս Պէյն վերահաստատած է աւստրալիական կառավարութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացին` դիտել տալով ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը, որպէս 2020 թ. արիւնալի պատերազմէն  վերջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծումը ուղղորդող երեք սկզբունքերէն մէկը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ աւսրտալահայ գաղութի նամակին պատասխանելով` նախարար Պէյն ողջունած է ռազմական գործողութիւններուն դադարումը` միաժամանակ յայտնած է, որ երկու կողմերն ալ պէտք է պահպանեն Հելսինքիի Եզրափակիչ շարժումի դրոյթները` ուժ կամ  սպառնալիք չկիրառելը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը:

Նախարար Պէյն նաեւ կոչ  ուղղած է  Հայաստանին կողքին նաեւ Ատրպէյճանին աջակցելու Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ջանքերուն` տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Մինչ օրս Հայաստանը պատրաստակամութիւն  յայտնած է մասնակցելու այս գործընթացին, մինչդեռ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ փորձած է շրջանցել եւ ծաղրել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը` ըսելով, թէ ինչ որ իրենք  բանակցութիւններու միջոցով ձեռք չեն կրցած բերել, ձեռք  բերած են ռազմական ուժի միջոցով:

Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան կը նկատէ. «Աւստրալահայ համայնքի համար կարեւոր է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, համանախագահ երեք երկիրներով, գլխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւնները, եւ խիստ կարեւոր է, որ Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայերու կողմէն իւրացուած ինքնորոշման իրաւունքը այս գործընթացով յարգուի: Պէտք է սկսի ռազմական եւ քաղաքացիական բոլոր գերիներու վերադարձով, որոնց Ատրպէյճանը կը շարունակէ պահել եւ խոշտանգել, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական տիրողական ուժերը պէտք է փոխարինուին խաղաղապահ ուժերով, նախքան Ալիեւին թոյլ տրուիլը գրաւեալ տարածքներուն մէջ հին հայկական բնիկ մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու դիտաւորեալ ոչնչացումը աւարտին հասցնելու: Քոսովոյի եւ Արեւելեան Թիմորի նմանութեամբ Աւստրալիան պէտք է սատարէ այս հարցին պատմականօրէն արդար կողմին եւ նախարար Պէյնը իր նամակին միջոցով նախանշած է այդ ճանապարհը:

Վերջերս աւելի քան 3000 աւստրալացիներ ստորագրած են Աւստրալիոյ խորհրդարանին ուղղուած խնդրագիր, որով կոչ ուղղած են  ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, որպէս տարածաշրջանի բնիկ հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու միակ միջոց»: