«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խօսած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, հայ գերիներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին: Իլհամ Ալիեւ Հայաստանին եւ Արցախին Առնչուող նիւթերուն շուրջ պիտի խօսի 26 Փետրուարին արտասահմանեան լրագրողներուն համար հրաւիրուած ասուլիսին: Անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն` Ալիեւ յայտնած է, որ անոնք Հայաստանի ներքին գործն են: Ալիեւ աւելցուցած է, որ եռակողմ յայտարարութեան մեծ մասը արդէն կատարուած է, սակայն կան որոշ կէտեր, որոնք ներկայիս քննարկման առարկայ են: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը, հակառակ ներքին իրավիճակին, պիտի կատարէ 10 Նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութեան պարտաւորութիւնները: Ալիեւը նաեւ չէ բացառած Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է կարգաւորելու յարաբերութիւնները: Խօսելով հայ գերիներու վերադարձի հարցին մասին` Ալիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնած է բոլոր գերիները: Մամուլի ասուլիսի ընթացքին Ալիեւ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պէտք է դուրս գայ օրակարգէն: Ըստ անոր, ԼՂ հակամարտութիւնը աւարտած է, եւ Պաքուն լուծած է այդ հարցը: Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է, թէ, հայկական կողմը Ատրպէյճանին ականապատ դաշտերու քարտէզ չէ տուած: