Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը 2 Մարտին ՀՀ նախագահին հետ հանդիպում պահանջած է։ Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.”Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը խիստ մտահոգիչ կը համարէ Նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն դադրեցնելու մասին հրապարակած դիրքորոշումը: Տարածուած հաղորդագրութեան բովանդակութեան մէջ երկրին ղեկավարը կը շրջանցէ Նիկոլ Փաշինեանի համապատասխան որոշումը սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու հարցը: Մեկնելով վերոգրեալէն՝ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի ներկայացուցիչները կը պահանջեն շտապ հանդիպում ունենալ ՀՀ նախագահին հետ”: