ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը շարունակեց իր յաղթարշաւը 59-48 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լաթաքիոյ Հթթինը:
– Պասքեթի տղոց ախոյեանութեան դարձի առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը Դամասկոսի մէջ 63-75 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուահտէէն:
Մրցումին լաւագոյն խաղացողներէն մէկը եղաւ ՀՄԸՄ-ի խումբէն Ժան Քըլզին, նշանակելով 22 կէտ: ՀԵԸ-ի խումբը Հալէպի մէջ հիւրընկալեց Համայի Թալիաան: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրերու յաղթանակով 92-67 արդիւնքով:
– Հալէպի փոքր տղոց ախոյեանական մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները 58 – 23 արդիւնքով յաղթեցին ՀԵԸ-ի կազմին:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներուն, Լաթաքիոյ Թշրինը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուահտէն, իսկ Իթթիհատը 1-0 արդիւնքով Ուասպէն: Նոյն արդիւնքով Ճէյշը յաղթեց Հթթինին: 3-1 արդիւնքով Ճապլէն պարտութեան մատնեց Սահէլը, իսկ Քարամէն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թալիաային: Առայժմ աղիւսակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Թշրինը, անոր կը յաջորդէ Ճէյշը, ապա Քարամէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՔԼՈՓԻՆ ՅԱՋՈՐԴՈՂԸ
Անգլիոյ Լիվըրփուլի վարչակազմը նկատի ունի տարեշրջանի աւարտին փոխել կազմին մարզիչը: Անցեալ տարուան ախոյեան խումբը այս տարեշրջանին կը գրաւէ աղիւսակին 6-րդ հորիզոնականը: Ըստ անգլիական «Միրըր» թերթին, Լիվըրփուլի վարչակազմը նկատի ունի յաջորդ տարուան համար խումբին մարզիչի պաշտօնը վստահիլ Սթիվըն Ժէրարտին: Ըստ թերթին, Քլոփը փափաք ունի ստանձնելու Գերմանիոյ հաւաքականի մարզիչի պատասխանատուութիւնը:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԷՆ ՉՈՐՍ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ
ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ
Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտէն չորս խաղացողներ՝ Մարսէլօն, Ռոտրէկօն, Վալվէրտին եւ Օտրիոզոլան ամբողջացնելով իրենց դարմանման շրջանը, վերադարձան խումբի փորձերուն: Ակումբի դիմատետրի էջը տեղեկացուց որ խումբի բժիշկները սերտելէ ետք իւրաքանչիւր խաղացողի վիճակը, երաշխաւորեցին անոնց փորձերու վերադարձը: Յիշենք որ չորս խաղացողները շուրջ երկու ամիսէ կը բացակայէին խումբի մրցումներէն:
ՇԱԼՔԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ ԸՐԱՒ ՄԱՐԶԻՉԸ
 Գերմանիոյ Շալքան աշխատանքէն հեռացուց խումբի գլխաւոր մարզիչ Քրիստ-իան Գրոսը եւ մարզական տնօրէն Եոհան Շնայտերը՝ Գերմանիոյ առաջնութեան 23-րդ հանգրուանին Շտուտկարտէն կրած պարտութեան պատճառով: Ըստ գերմանական լրատուամիջոցներուն, իրենց ղեկավար պաշտօններէն կը հեռանան նաեւ խումբի պատասխանատու Սաշա Ռիեթերը եւ մարմնամարզիչ Վերներ Լոյթհարտսը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ