Դարերու ընթացքին կինը իր իրաւունքներուն նկատմամբ ձեռնածալ չէ մնացած: Կինը միշտ ինքզինք նուաճելով փորձած է եւ կը շարունակէ փորձել գործունեայ ըլլալ, դուրս գալով սոսկ տանտիկնոջ  ու մօր սեղմ կերպարներէն: Ան ներկայիս ընտանիքին, զաւակներուն ու շրջապատին խնամքին եւ հոգատարութեան կողքին ամէն գնով նոր նուաճումներ ձեռք կը բերէ:
21-րդ դարու կինը  աշխատունակ եւ արտադրող է, միեւնոյն ատեն զաւակներուն եւ ընտանիքին համար ոչ մէկ բան կը զլանայ:
Կինը իր դրոշմը  ձգած է պատմութեան տարբեր փուլերուն մէջ: Հայ կինը եւս մերթ մարտնչումով, մերթ ծառայութեամբ շինիչ դերակատարութիւն ունեցած  է հայկական իրականութեան մէջ:
Սուրիական պատերազմի տարիներուն, դաժան պայմանները յաղթահարելու եւ իր անհատականութիւնը փաստելու համար, իգական սեռը սկսաւ աշխուժօրէն թափանցել աշխատանքի ասպարէզ՝ իբրեւ արտադրող եւ ստեղծագործող էակ: Պետական կողմերու  յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ այս իրողութիւնը, որուն որպէս արձագանգ կնոջ աշխատանքը խրախուսող այլազան ձեռնարկներ կազմակերպուեցան:
Կանանց Միջազգային տօնին զուգադիպող օրերուն տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք,կազմակերպութեամբ Հալէպի Վաճառականական Պալատի, որուն մէջ իրենց ներդրումը բերած էին հալէպցի կիներ: Բնականաբար հայուհիները զերծ չէին մնացած մասնակցութենէ:
 Հինգշաբթի, 4 Մարտ 2021-ին բացումը կատարուեցաւ «Յասմիկի եւ Կաղնիի Փառատօն» վերնագիրը կրող ցուցահանդէս վաճառքին, Հալէպի Շիրաթոն պանդոկի շքեղ սրահէն  ներս։ Ցուցահանդէս վաճառքի բացման ներկայ էին Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար երկրչ. Մուհամմէտ Ռամի Մարթինի, Հալէպի նահանգապետ տիար Հուսէյն Տիապ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի նախագահ տիար Ամեր Համուի եւ պետական ու կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւս այցելեց ցուցահանդէսի մասնակիցներուն եւ խրախուսեց հայ կիներու օգտակար մասնակցութիւնը:
 Ցուցահանդէսի մասնակից Թալին Միկրոյեան-Ալեքսանեան տարիներ շարունակ հայկական ոճով կանացի իր ձեռային զարդերով կը մասնակցի նման ձեռնարկներու: Ալեքսանեանի տաղաւարին մէջ զետեղուած էին  հայկական ասեղնագործութեամբ եւ խճանկարներով պատրաստուած զարդեր եւ իրեր: Թալինը «Գանձասար»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ տեղացի արաբ կիներ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն հայկական ձեռագործներուն եւ կը փափաքին անպայման ունենալ զանոնք իրենց բնակարաններուն մէջ: Տիկին Թալինի գործերուն մէջ առաւելաբար ցցուն է հայ ժողովուրդի խորհրդանիշ կարմիր նուռը:
Թալինը ցուցադրած էր  խճանկարներով պատրաստուած իւրայատուկ ափսէներ, զարդեր եւ տուփեր: Ան  մանկութենէն արուեստի հակում ունեցած է: Ան խճանկարի արուեստը արդիականացնելով եւ հայկական մշակոյթին հետ աղերսելով ստեղծած է ինքնուրոյն ոճ, որ սիրելի դարձած է հայերուն եւ  օտարներուն համար:
 Ցուցահանդէսի մասնակից Մարալ Թիւթիւնճեան կը ցուցադրէ 2006-էն սկսած  Miel վաճառանիշը կրող իր ձեռային աշխատանքները։
Անոնք կ՚ընդգրկեն՝ գոհարեղէն, զարդեր, յատկապէս հայ եւ արաբ թագուհիներու օգտագործած բնական քարերու տարբերակներու օգտագործումով։
Մասնակից տիկին Հուրի Սիւլահեան կանացի վզնոցներ, ապարանջաներ եւ օղեր կը պատրաստէ: Ան այս գործին մէջ իր առաջին քայլերը սկսած է մանկութենէն՝ կոտրուած զարդերը վերանորոգելով եւ իւրաքանչիւրին իր ոճն ու ճաշակը աւելցնելով: Տիկին Հուրին 12 տարի առաջ ձեռնարկած է այս գործին, Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի ծնողներուն դասընթացքներ մատուցելով: Հետագային սկսած է մասնակցիլ Հալէպի զանազան միութիւններու կազմակերպած ցուցահանդէսներուն: Հուրին իր պատրաստած զարդերուն մէջ կ՚օգտագործէ  Հայաստանէն բերած հայկական քարեր: Ան դիտել տուաւ, որ այդ քարերը հայ եւ տեղացի կիներուն ուշադրութեան կ՚արժանանան:
Այլ մասնակից մըն էր Անի Ոսկերիչեանը, որ  նախքան Սուրիոյ պատերազմի բռնկումը՝ կը յարդարէր Հալէպի տարբեր խանութներու ցուցափեղկերը, մասնաւորապէս նոր տարուան ամսուան ընթացքին: Ան ձեռարուեստի տարբեր ժանրերով զբաղած է: Ներկայիս ինքնուրոյն եւ նրբաճաշակ ժանեակներով կը յարդարէ լուսամփոփներ: Ըստ տիկին Անիի, իր կողմէ ցուցադրուած լուսամփոփները այցելուներու հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան արժանացած են:
Անին բոլոր կիներուն խորհուրդ կու տայ արհեստավարժութիւն ձեռք ձգել իրենց նախասիրած ծիրին մէջ, իրենց թաքուն ձիրքերը զարգացնելով եւ յառաջանալով: Ոսկերիչեանի համաձայն, կինը պէտք է ձերբազատի իր դէմ ծառացած բոլոր խոչընդոտներէն եւ կաշկանդուած չմնայ միայն տան գործերով, դուրս գայ խոհանոցէն եւ մտնէ գործի ասպարէզ:
Ցուցահանդէս-վաճառքին իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ձեռարուեստի յանձնախումբը, որ հայկական աւանդական ձեռագործները կը ներկայացնէր հանրութեան: Խաչուհիները իրենց խօսքին մէջ ըսին, որ օտարները հայատառ անձեռոցներ կամ ձեռագործներ կ՚ուզեն գնել, որովհետեւ հայկական ոճը իրենց ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
Ցուցահանդէսը հարուստ էր գոյներով եւ բազմաճաշակ ձեռագործներով: Հալէպահայ կինը իր սիրուն տեսքով, կոկիկ ու ճաշակաւոր տաղաւարներով հաճելի ներկայութիւն էր այնտեղ: Ներկայութիւն մը, որ կը խրախուսէ ստեղծագործ եւ հասութաբեր աշխատանքը, որպէսզի երկրի տնտեսական ծանր պայմաններու յաղթահարման մէջ կինը ունենայ իր ներդրումը եւ ըստ կարելւոյն մեղմացնէ ընտանիքին բեռը: Աշխատանքը հոգեպէս ալ կը փոխէ զինք՝ դարձնելով ինքնավստահ, ազատ արտայայտուող եւ այլազան ոլորտներու մէջ իր ձիրքերը զարգացնող գեղեցիկ ներկայութիւն:
Ցոլեր Ապաճեան