22 Մարտ 2021-ին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը (EAFJD) եւ Պելճիքայի Հայերու Կոմիտէն (CAB) – Պելճիքայի հայ համայնքի պաշտօնական ներկայացուցիչ մարմինը, միատեղ նամակ ուղարկեցին Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանդր Տէ Քրոոյին` ի յիշատակ Պրիւքսէլի` 2016 թ․ ահաբեկչութիւններուն 5-րդ տարելիցին: Նամակին մէջ Պելճիքայի հայ համայնքը իր կարեկցանքն ու համերաշխութիւնը  յայտնած է Պելճիքայի կառավարութեան եւ Պելճիքայի քաղաքացիներուն, որոնք դարձան այս ողբերգական իրադարձութեան զոհը` շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ ազատ, ժողովրդավար հասարակութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Պելճիքայի վարչապետին ուղղուած նամակին մէջ մատնանշուած է, որ Արցախի բնիկ հայ բնակչութիւնը նոյնպէս ահաբեկչութեան զոհ դարձած է Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020-ի պատերազմի ընթացքին ` յիշեցնելով պատերազմին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն վարձկաններու ներգրաւումը: Նամակը կոչ կ’ուղղէ Պելճիքայի կառավարութեան միանշանակօրէն դատապարտելու ահաբեկչութեան որեւէ պետական ​​հովանաւորչութիւն եւ կը շեշտէ, որ ի շահ Պելճիքային չէ գործակցիլ այնպիսի երկիրներու հետ, որոնք իրենց աշխարհաքաղաքական շահը կը փնտռեն նման դատապարտելի եւ կործանարար միջոցներով: