Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտք գործելու բերկրալի տօնը։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Ձիթենիի ճիւղերով բարեզարդուած եկեղեցին կը խայտար փոքրիկներու խանդավառ ներկայութեամբ։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատացեալ ժողովուրդը լիցքաւորուեցաւ Ծաղկազարդի հոգեպարար շարականներով: Պատարագի հոգեթով երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, մէջբերելով Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի ժողովուրդի օրհնութեան խօսքը. «Ովսաննա՜, օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»։ Ան նշեց, թէ Քրիստոս իր երկրաւոր եռամեայ առաքելութեան ընթացքին, հրաշագործութիւններով եւ Աստուծոյ պատգամներով մարդկութեան բացայայտեց իր աստուածային ինքնութիւնը։ «Քրիստոս Երուսաղէմ իր յաղթական մուտքով, եկաւ հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ իր աստուածային փառքը ցոյց տալու», աւելցուց Սրբազան Հայրը։
Մասիս Եպիսկոպոս յայտնեց, թէ արքայական թափօրով Երուսաղէմ մուտք գործող Քրիստոս, այն ճշմարիտ եւ վաւերական թագաւորն է, որ եկաւ մարդկութիւնը դէպի փրկութիւն առաջնորդելու։
Սրբազան Հայրը Ծաղկազարդի ցնծալի տօնը համարեց մանուկներուն եւ երիտասարդներուն նուիրուած օր, որուն ընդմէջէն հրաւիրուած ենք Աստուծոյ մօտենալու եւ Անոր կամքը կատարելու՝ հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ։
Պատարագի աւարտին, Ծաղկազարդի շարականներու երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր դպրաց դասը «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ փունջ մը երգեր մատուցեց, ապա կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան թափօր։ Սրբազան Հայրը ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած սուրբ խաչով օրհնեց մանուկները։
Աւարտին, տօնական մթնոլորտի մէջ, եկեղեցւոյ դիմաց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի փողերախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ փունջ մը հայրենասիրական երգեր։ Յիշենք, որ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտները Ծաղկազարդի առիթով տողանցեցին Վիլլաներ թաղամասէն ներս։
Հաւատացեալները ստանալով օրհնուած ճիւղեր, աղօթքով եւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով վերադարձան իրենց տուները։