Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Կարապետ Քէպապճեան «Եռաբլուրի մէջ», ուր 2 Ապրիլին զետեղուեցաւ մարմինը, յետմահու պարգեւատրեցին «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Քէպապճեանի որդիին` յայտնելով, որ հայրիկին գործը հիմա անոնք պէտք է շարունակեն:

«Կարօ Քեպապճանի կեանքը  եղած է մեր ժողովուրդի պատմութեան արտացոլումը: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծնած ըլլալով, իր ծնողները մազապուրծ եղած են Ցեղասպանութենէն, եկած, հաստատուած են Լիբանանի մէջ, ուր դարձեալ  ոտքի կանգնած են, արարած են: Պրն․ Քէպապճեանի հայրիկը եղած է յայտնի խմբապետ, որ բազմաթիւ սխրագործութիւններ  կատարած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ինքնապաշտպանական մեր գործի ընթացքին: Նոյնպիսի եռանդով Կարօ Քէպապճեան մասնակցած է այդ գործին: Ան նաեւ շատ աւելի կարեւոր ներդրում ունեցաւ` մարմնամարզութեան միջոցով համախմբելով նոյնիսկ տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունեցող հայկական ուժերը»,ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Թող Մայր հողը փափուկ ըլլայ իրենց համար, ըսաւ ան, բայց մեզի` ողջերուս, պայքարողներուս համար պինդ  եւ ամուր ըլլայ, որովհետեւ իրենք իրենց մարմիններով պէտք է ամրացնեն մեր հողը:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ Արցախեան ազատամարտի առաջին  օրերէն ընկեր Կարօն Հայաստանի մէջ էր` Հայաստանի Արցախեան բաժինի մէջ, առաջարկելով իր ծառայութիւնները, իր կարողութիւնները, իր գիտելիքը եւ հմտութիւնները` կոփելով զինուորներուն, խրախուսելով եւ քաջալերելով անոնց:

«Եւ զարմանալի չէ, որ 1999 -էն Մերձաւոր Արեւելքի Արցախի ներկայացուցիչը կը հաւատար Արցախին, Արցախի յաղթանակին եւ իր խօսքով ու գործով Արցախը կ’ուզէր դարձնել երջանիկ քաղաք: Եւ, հաւանաբար, ան առաջին ներդրողներէն էր, որ Շուշիի մէջ ներդրում կատարեց եւ Շուշիի մէջ հիւրանոց հիմնեց», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Ան ըսաւ, որ ընկեր Կարոյի հետ վերջին անգամ ծրագիրներ  քննարկած է Քարվաճառի մէջ․ «Երկար ու մեծ ծրագիրներ ունէինք, որոնք կրնային Քարվաճառի կեանքը  աւելի բարելաւել: Ցաւօք, չհասցուցինք: Բայց եթէ մեզի համար ընկեր Կարոյի յիշատակը թանկ է, մենք պարտաւոր ենք ընկեր Կարոյի ծրագիրները իրականացնել»,ըսաւ Արթուր Խաչատրեան: