Երկուշաբթի, 5 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ ֆինանսի Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ սուրիական բոլոր նահանգներուն մէջ իր տնօրէնութիւնները բոլոր մասնաճիւղերով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ ծառայութիւն մատուցելով քաղաքացիներուն։ Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն յարգելու պսակաձեւ ժահրի նախացգուշական պայմանները։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ կարելի է դիմել հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն՝ 0987013346, որեւէ հարցում ունենալու կամ գանգատ ներկայացնելու պարագային։