7 Ապրիլին Livenews.am լրատուամիջոցի զրուցավար Արմինէ Սիմոնեանի «Մենք» հեղինակային հաղորդաշարի հիւրը ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշէանն էր: Հարցազրոյցի կիզանիւթը` Փաշինեանի թրքամէտ քաղաքականութիւնն ու Սփիւռքի արձագանգն էր:

«Պատերազմի ընթացքին Քանատայի Դաշնակցութեան կառոյցը 44 0r զօրաշարժի մէջ էր»

«Թէ ինչ իրագործած ենք դիւանագիտական քուլիսներու ետին` չենք բացայայտած, որպէսզի գործը արդիւնաւորուի»:

«Երիցս կը մերժենք Փաշինեանի թրքահաճոյ վարքագիծը:

Փաշինեանն ու իր խմբակիցները ընդունած են Թուրքիոյ խաղի կանոնները եւ կ’իրականացնեն մեծ Թուրանի ծրագիրը» ըսած է Գարագաշեան: