Քա­նի մը օրէն, Ապ­րիլ 24 է, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ տա­րե­դար­ձը:
Մօ­տա­ւո­րա­պէս 2 շա­բա­թէ ի վեր, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ան­դամ առա­ջա­տար դէմ­քեր հրա­պա­րակ կու գան Թուրք­իոյ (եւ Ատր­պէյ­ճա­նի) հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու մտա­ծում­նե­րով, թշ­նա­մու­թիւնը բա­րե­կա­մու­թեամբ եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ փո­խա­րի­նե­լու «իմաս­տո՜ւն» գա­ղա­փար­նե­րով, բա­ցա­յայտ դարձ­նե­լով, որ սա պա­տա­հա­կան՝ բա­րի բաղ­ձանք չէ, ո՛չ ալ բազ­կե­րակ­ներ շօ­շա­փե­լու փոր­ձա­քար: Ամէն օր քիչ մը աւե­լի՛ բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ, որ Հա­յաս­տա­նի այ­սօր­ուան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կը փոր­ձեն հիմ­նա­կան «բա­րե­փո­խու­թեան» են­թար­կել մեր դա­րա­ւոր եւ ան­հաշտ թշ­նամի­ին հետ յա­րա­բե­րու­թեանց տրա­մա­բա­նու­թիւնը, եւ ինչ­պէս որ ըրին Ար­ցա­խի տագ­նա­պը հե­տապն­դե­լու իրենց վար­մուն­քով՝ «զրո­յա­կան կէ­տէ» վերսկ­սիլ թուրք-ազերի­ին հետ յա­րա­բե­րու­թեանց նոր եր­թը: Անոնք իրենց աչ­քերն ու ականջ­նե­րը փա­կած են նոյ­նինքն Թուրք­իա­յէն ու Ատր­պէյ­ճա­նէն հն­չող թշ­նա­մաք­նե­րուն դի­մաց, կը փոր­ձեն «Գայ­լի Աւե­տա­րան» կար­դալ մեր՝ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի հա­յու­թեան գլ­խուն: Իրա­րու ետե­ւէ կը հն­չեն «թուր­քը արդ­եօք թշ­նա­մի՞ է, փընտ­ռենք թէ ին­չո՞ւ թշ­մա­նի է», «մենք ո՛րքան թշ­մա­նի ըլ­լանք, իրենք աւե­լի՛ թշ­նա­մի կ’ըլ­լան», «պատ­մա­կա­նօ­րէն թշ­նա­մի են, սա­կայն ժա­մա­նակն է որ շտ­կու­մե­րու են­թար­կենք մեր վե­րա­բեր­մուն­քը», ու տա­կա­ւին՝ «թշ­նա­մին՝ թշ­նա­մի է, սա­կայն եկէ՛ք, տն­տե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն անոր չկա­պենք»ի պէս «հան­ճա­րա­բա­նու­թիւն­ներ»…:
***
Ար­ցա­խի մէջ ազե­րի­նե­րը բա­ցա­յայտ ծրա­գի­րով կը փճաց­նեն մեր եկե­ղե­ցի­նե­րը, յու­շա­կո­թող­նե­րը, շիր­մա­քա­րե­րը: Երե­ւա­նի ջո­ջե­րը կը պա­տաս­խա­նեն՝ «թուր­քը այ­լեւս թշ­նամիի աչ­քով չդի­տենք»:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն ու Ար­ցա­խի պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ չեն վա­րա­նիր թշ­նա­մի հռ­չա­կել Թուրք­ի­ան ու Ատր­պէյ­ճա­նը, ԵՈՒ­ՆԵՍ­ՔՕ-ին եւ մի­ջազ­գա­յին այլ ատ­եան­նե­րու կոչ կ’ընեն ար­գելք ըլ­լա­լու ազեր­ի­ա­կան աւե­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, մին­չեւ իսկ արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րու մէջ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, մա­մու­լը ահա­զանգ կը հն­չեց­նէ քա­ղա­քակր­թու­թիւն փճաց­նող թուրք-ազեր­ի­ա­կան քան­դում­նե­րուն ի տես: Մեր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը արդ­եօք վր­դով­մո՞ւնք կ’ապ­րին նման բա­ցա­յայ­տում­նե­րու ի լուր, վախ­նա­լով, որ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կր­նան վտան­գել թուր­քին հետ բա­րե­կա­մա­նա­լու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը: (Արդ­եօք ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը վա­ղը պաշ­տօ­նանկ պի­տի ըլ­լա՞յ թուր­քերը թշ­նա­մի կո­չե­լու յանդգ­նու­թեան հա­մար…):
Ատր­պէյ­ճան աղա­ղա­կող կեր­պով խա­ղա­քար­տի վե­րա­ծած է պա­տե­րազ­մա­կան գե­րի­նե­րու հար­ցը, մին­չեւ իսկ կա­մա­յա­կան կեր­պով եր­բեմն կը խա­փա­նէ նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րուն որոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Երե­ւա­նի մար­դի­կը կը քա­րո­զեն. «Թուր­քին հետ կա­րե­լի է բա­րե­կա­մու­թեան էջ բա­նալ»:
Թուրք­իա եւ Ատր­պէյ­ճան քա­նի մը ամի­սը ան­գամ մը մի­աց­եալ ռազ­մա­փոր­ձեր կ’ընեն (արդ­եօք Հրատ մո­լո­րա՞կը գրա­ւե­լու հա­մար): 6 ամիս առաջ շղ­թա­յա­զերծ­ուած պա­տե­րազ­մին, Ար­ցա­խի դէմ ճա­կատ նետ­ուած ոճ­րա­գործ ահա­բե­կիչ­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան իրենց տե­ղը, զա­նոնք Ար­ցա­խէն խլ­ուած գօտի­ին մէջ բնա­կեց­նե­լու ծրա­գիր­ներ կը հրա­պա­րակ­ուին: Մե­րոնք կը պն­դեն. «Թուր­քե­րը մեր վրայ յար­ձա­կում պի­տի չգոր­ծեն, եկէ՛ք, բա­րե­կա­մա­նանք»:
Թուրք­իա եւ Ատր­պէյ­ճան բուռն քն­նա­դա­տու­թիւն­ներ եւ լու­տանք­ներ կ’ար­ձա­կեն հա­յու­թեան շա­հե­րուն ամէ­նէն ու­ժեղ պաշտ­պան­նե­րէն՝ Ար­ման Թա­թոյ­եա­նի (Մար­դու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան գրա­սեն­եա­կին գլ­խա­ւոր պաշ­տօ­նա­տա­րը, որ ընդ­հան­րա­պէս միայ­նակ խա­չակ­րու­թիւն կը մղէ թուրք-ազե­րի­նե­րուն դէմ): Երե­ւա­նի «քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը» ընդ­հան­րա­պէս աչք կը փա­կեն (եր­բեմն ծայ­րէն-պո­չէն կը խայ­թեն ալ զայն), յայտ­նա­պէս չեն ու­զեր նե­ղաց­նել թուրքն ու ազե­րին, փոր­ձե­լով մեզ հա­մո­զել, որ ասոնք… բա­րե­կա­մու­թեան գե­տին պատ­րաս­տող քայ­լեր են:
Թուրք­իա­յէն՝ հի­մա շատ աւե­լի յս­տակ կը հն­չեն այն պատ­գամ­նե­րը, թէ հայ­կա­կան կող­մը պէտք է մոռ­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու անոր հե­տե­ւան­քով մեր ան­հա­տոյց իրա­ւունք­նե­րը: «Իմ­ քայ­լա­կան­ներ»ը թուր­քին եւ ազերի­ին հետ բա­րե­կա­մու­թեան ջա­տա­գով դար­ձած են: (Արդ­եօք շա­տե­րուն հա­մար հա­ճե­լի՞ է «ու­սա­պարկ» նկատ­ուե­լու նուաս­տա­ցու­մը):
Զան­գե­զու­րը գրա­ւե­լու, Մեղրիի վրա­յով Ատր­պէյ­ճա­նը Նա­խի­ջե­ւա­նին եւ ան­կէ՝ Թուրք­իոյ մի­աց­նե­լու, եւ ան­շուշտ՝ Թուրք­ի­ան Կաս­պից ծո­վուն ու անոր վրա­յով կեդ­րո­նա­կան աս­ի­ա­կան եր­կիր­նե­րուն կամր­ջե­լու ծրա­գի­րը աւե­լի յա­ճա­խա­կի կեր­պով կը հն­չէ սպառ­նա­լիք­նե­րով: «Ականջ մի՜ կա­խէք. թուրքն ու ազե­րին մեր բա­րե­կամ­նե­րը պի­տի ըլ­լան», կը հա­մո­զեն իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը:
Թուրք­իա կը յայ­տա­րա­րէ, թէ մեծ ներդ­րում­ներ պի­տի կա­տա­րէ Ար­ցա­խի վե­րա­կա­ռուց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման ի խն­դիր: Արդ­եօք մե­րոնք հա­ւա­տա­ցա՞ծ են, որ այդ ծրա­գիր­նե­րը պի­տի հաս­նին նա­եւ Ստե­փա­նա­կերտ ու Աս­կե­րան-Մար­տա­կերտ, եւ նման երազ­նե­րու վրայ կը կա­ռու­ցեն Թուրք­իոյ հետ բա­րե­կա­մու­թիւն մշա­կե­լու ծրա­գիր­նե­րը: Ի դէպ, չգիտ­ցող­նե­րը պէտք է գիտ­նան, որ Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ծրա­գիր­նե­րը հա­յա­պատ­կան՝ մեզ­մէ խլ­ուած հո­ղե­րուն վրայ պի­տի իրա­կա­նա­նան, այ­լա­պէս «խեղ­դե­լու հա­մար» հա­յու­թեան ձեռ­քին մնա­ցած ար­ցախ­եան պա­տա­ռի­կը…
Թուրք­իոյ հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը նկա­տի ու­նին ո՛չ միայն Մեղ­րին ու Զան­գե­զու­րը, այլ հե­ռա­հա­սօ­րէն կը մի­տին նուա­ճել Հա­յաս­տա­նէն շա՜տ ան­դին տա­րա­ծուող գօ­տի­ներ: Բայց… մե­զի ի՜նչ, եթէ թուր­քե­րը Ուք­րան­իոյ մէջ կամ այ­լուր կը գոր­ծեն Ռուս­իոյ շա­հե­րուն դէմ, կամ՝ Էր­տո­ղա­նի քա­ջա­լե­րան­քը վա­յե­լող «Գորշ գայ­լեր»ը Ֆրան­սա­յի մէջ յար­ձա­կում կը գոր­ծեն քիւր­տե­րու վրայ, այն­պէս՝ ինչ­պէս հա­կա­հայ արարք­նե­րու դի­մե­ցին ամիս­ներ առաջ, ար­ցախ­եան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի օրե­րուն, երբ Ֆրան­սա­յի մէջ (եւ այ­լուր) հա­յու­թիւնը ոտ­քի կանգ­նած էր թուրք-ազեր­ի­ա­կան յար­ձա­կու­մը դա­տա­պար­տող ցոյ­ցե­րով: «Ատանկ բա­ներ մոռ­ցէ՜ք, թուր­քին եւ ազերի­ին հետ բա­րե­կա­մութ­եան պատ­րաստ­ուե­ցէ՛ք», կ’ըսեն «դու­խով քա­լող­նե­րը»:
***
Շա­րու­նա­կե՞նք. ——–: «Թուր­քը բա­րե­կամ սե­պենք»: ———–: «Թուր­քին նկատ­մամբ թշ­նա­մա­կան մեր սխալ մօ­տե­ցու­մը շտ­կու­մի են­թար­կենք»: ——, ———: «Թուր­քե­րը եւ ազե­րի­նե­րը բա­րե­կամ…»:
Նման «բա­րի տրա­մադ­րու­թիւն­ներ» ու­նե­ցողն ու անոնց­մով ամ­բողջ հա­յու­թիւնը վա­րա­կե­լու ելած «իմ ­քայ­լա­կան» «դիւա­նա­գէտ­նե­րը» բնա­կա­նա­բար վա­ղը փոր­ձեն մեզ հա­մո­զել, թէ պէտք է «պատ­մա­գէտ­նե­րու թո­ղուլ» Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ստու­գումն ու հե­տե­ւանք­նե­րու (եթէ կան) դար­մա­նու­մը: Իսկ Տէր Զօրն ու անոր յի­շա­տա­կը հն­չեց­նող Յու­շա­կո­թո՞ղը, անոր քան­դո՞ւմը՝ թուր­քին գոր­ծա­կալ ոճ­րա­յին խմ­բակ­նե­րու կող­մէ: «Բայց անոնք ի՜նչ կ’ար­ժեն: Երբ հի­մա բա­րե­կա­մու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան էջը պի­տի բա­նանք՝ կա­րե­լի՞ է զբա­ղիլ նման ման­րուք­նե­րով»:
Վա­ղը, նոյն մար­դի­կը ա՛յս «ոգի­ով» ու «տրա­մա­բա­նու­թեամբ» խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պեն եւ թեկ­նա­ծու պի­տի ներ­կա­յա­նան: Ո՞վ եւ ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ քուէ պի­տի տայ անոնց ցան­կին… Ի՞նչ ընե­լու հա­մար կ’ու­զեն վե­րար­տադր­ուիլ:
…Մեր նա­հա­տակ­նե­րը քա­նի՞ ան­գամ պէտք է նա­հա­տակ­ուին (այ­սօր մե­ռե­լոց յի­շա­տա­կի տօնն է…):
5 Ապրիլ 2021
Ս. Մահսերէճեան