Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէն 8 Ապրիլին յայտարարութիւն տարածած է.

«Հանրութեան ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, թէ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուին խումբ մը անձեր, որոնք ներկայանալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան անունով, լծուած են երեւութապէս «մարդասիրական», սակայն մեզի համար ամբողջովին անծանօթ ու կասկածելի գործունէութեան։

Այսու կը յայտարարենք, թէ նշեալ խումբը ոչ մէկ կապ ունի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Հետեւաբար, Կեդրոնական Կոմիտէս ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ խմբակին գործունէութեան կապակցութեամբ»։