«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ «Պաշտօնական Թերթը» (Resmi Gazete) հրապարակած է է Թուրքիոյ խորհրդարանի (մէճլիս) գլխաւոր խորհուրդի որոշումը, որ դատապարտած, մերժած եւ առոչինչ համարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ յայտարարութիւնը: Նշենք, որ 27 Ապրիլին խորհրդարանի լիագումար նիստին քուէարկութեան դրուած է խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփի ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւնը: Յայտարարութեան կողմ քուէարկած են իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը (AKP-ԱԶԿ), «Գորշ Գայլերու» քաղաքական թեւը համարուող «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութիւնը (ԱՇԿ-MHP), ազգայնական ուղղուածութեան «լաւ» (İyi) կուսակցութիւնը եւ գլխաւոր ընդդիմադիր, քեմալիստական «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը (CHP): Յայտարարութեանը դէմ քուէարկած է միայն ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը (ԺԴԿ-HDP): «Մենք ափսոսանքով եւ խստագոյնս կը դատապարտենք ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի` 24 Ապրիլ 2021-ին կատարած յայտարարութիւնը, որուն մէջ առկայ են 1915-ի իրադարձութիւններու մասին հայկական լոպպիի պնդումները, ինչպէս նաեւ խստագոյնս կը մերժենք այն անհիմն զրպարտութիւնները, որոնք այլ բան չեն նշանակեր, քան քաղաքական դրդապատճառներով պատմութեան խեղաթիւրում: ԱՄՆ նախագահի կողմէն կատարուած այս յայտարարութիւնը, որ իրաւասու չէ դատել պատմական հարցերը, մենք կը համարենք առոչինչ»: Նշուած է նաեւ, որ 106 տարի անց նման «անպատասխանատու յայտարարութիւն ընելու պատճառը ԱՄՆ վարչակազմին հայկական լոպպիստական ուժերու ճնշումին ենթարկուիլն է»: «Պատմական փաստերու հետ անհամատեղելի այս յայտարարութիւնը տրամաբանօրէն չբացատրուող եւ անպատասխանատու քայլ է, որ ոչ մէկ նպաստ չի բերեր ժողովուրդներու մերձեցման», ըսուած է խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ: Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուած է 2005-ին միատեղ պատմաբաններու յանձնաժող ստեղծելու եւ աշխարհին դիմաց արխիւները բանալու, 1915-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու առաջարկին: Բացի այդ, յիշեցման կարգով ներկայացուած է ՄԻԵԴ-ի 2015 եւ 2017-ի վճիռները, փորձ ընելով ցոյց տալ, որ պատմական բանավէճով դէպի այդ կողմ կարելի չէ որեւէ իմաստ վերագրել «1915-ի դէպքերուն»: «Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւունքի հայեցակարգ է, որուն շրջանակը ծայրաստիճան յստակ է, եւ անոր օգտագործումը հիմնուած է շատ որոշակի պայմաններու վրա», յիշուած է յայտարարութեան մէջ եւ Պայտընի արարքը գնահատուած է որպէս իրաւական եւ բարոյական անպատասխանատուութեան օրինակ: Խորհրդարանի պատգամաւորներու մեծամասնութեան համոզումով` Պայտընի յայտարարութիւնը պիտի նպաստէ, ժողովուրդներու բեւեռացման, արմատական-ծայրահեղական շրջանակներու օրակարգին եւ ատելութեան խօսքի խրախուսման: Խորհրդարանը կոչ ուղղած է ԱՄՆ նախագահին շտկել «իր այդ սխալը», աջակցիլ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, յատկապէս թուրք եւ հայ ժողովուրդներու խաղաղութեան, կայունութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ ապրելու ջանքերուն եւ ետ դառնալ ընդունած որոշումէն, որ անխուսափելիօրէն բացասաբար պիտի ազդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: