Վերջին երկու տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երկու յատկանշական սահմաններ հատեց:
Առաջինը արաբական, յատկապէս մահմետական մեծամասնութեամբ ժողովուրդ ունեցող երկրի մը կողմէ, իմա՝ Սուրիոյ,  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յանդուգն քայլն էր: Արաբական աշխարհին մէջ բացի Լիբանանէն, ցարդ ոչ մէկ երկիր այս քաղաքական յանդգնութիւնը ունեցած էր, վատթարացած յարաբերութիւններ ունենալով մէկտեղ Թուրքիոյ հետ: Բնականաբար Սուրիոյ քաղաքական ուղղուածութիւնը եւս իր դերակատարութիւնը պիտի ունենար եւ ճանաչումը, արդարութեան հաստատման կողքին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ սանձարձակ քայլերը զսպելու միտում մըն ալ պիտի ունենար:
Այս ճանաչումը էապէս արաբական աշխարհին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղի մը կը բանար եւ արաբական աշխարհին զգայնութիւնները օգտագործելով ցեղասպանութեան կրօնական գոյն տալու թրքական փորձերը ձախողութեան կ’առաջնորդէր նաեւ: Աւելին. Սուրիան ականատես այն երկիրն էր, որուն անապատներուն մէջ շարունակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որուն մէջ վերակազմաւորուեցաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը: Ուստի Սուրիոյ ճանաչումը քաղաքականէն անդին անցնելով վկայութեան մը վաւերագրելի արժէքը կը ստանար:
Երկրորդը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն էր: Այն գերպետութեան, որուն նախագահներէն  Ուիլսընը Սեւրի դաշնագրի իրաւարար վճիռին ստորագրողն ու հայկական իրաւունքներուն հաստատողն էր նաեւ: Նման գերպետութեան մը նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհեթեթ կը դարձնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:
Միւս կողմէ, եթէ Սուրիոյ ճանաչումը կը միտէր սանձել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը արաբական աշխարհին մէջ ու հակաթրքական առանցքի ուրուագիծ մը ձեւաւորելով քաղաքական հետզհետէ զարգացող ուղղութիւն մը ամրապնդել, ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ յառաջացող ընթացքին առաջքը կ’առնէր ու տարածաշրջանին մէջ արեւմուտքի դերակատարութիւնը կը վերյիշեցնէր:
Քաղաքական օգտագործելի պահերու զգօնութիւնը ունեցող Հայ Դատի յանձնախումբերը անգնահատելի աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ:
Ճանաչումը զսպող հանգամանք պիտի ունենայ հայութեան դէմ  ի գործ դրուած ոճրարարքներուն ու արիւնահեղութեան, մասամբ պիտի նպաստէ հայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու ամրապնդման, յատկապէս արցախեան կարգավիճակի յստակացման հետագայ քայլերուն առումով:
Վերոյիշեալ երկու ճանաչումներու լոյսին տակ յստակօրէն կ’երեւի, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը սանձելու քաղաքականութիւն մը սկիզբ առած է երկու տարբեր առանցքներու կողմէ: Հայութեան ու Հայաստանին շահերը այս առանցքներուն քաղաքական արեւելումներուն հետեւիլն ու քաղաքական ճիշդ պահերու օգտագործումով ի նպաստ մեր երկրին ու դատին առաւելներ ձեռքձգելն է: