Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը հա­մախմբ­ուե­ցաւ ու վճ­ռա­կան իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ամ­եա­կի ոգե­կո­չու­մին, այս ան­գամ Ուր­բաթ, 23 Ապ­րիլ 2021-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փակը հա­ւաք­ուե­լով ու ժո­ղովր­դա­յին ան­նա­խա­դէպ ջա­հերթ մը սկ­սե­լով մին­չեւ Ազգ. Գե­րեզ­մա­նա­տուն: Ջա­հեր­թը կազ­մա­կեր­պած էր ՍԵՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը: Անոր կը մաս­նակ­ցէ­ին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան, Բեր­իոյ Թե­մի հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, Հոգշ. Հայր Մա­նուկ Աբղ. Պա­րի­խան­եան, Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան Սուր­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, քա­հա­նայ հայ­րեր, գա­ղու­թիս բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին, եկե­ղե­ցա­կան երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու վար­չու­թիւն­ներ, ան­դամ­ներ եւ հա­րիւ­րա­ւոր երի­տա­սարդ­ներ։
Ջա­հեր­թը սկ­սաւ Նոր Գիւ­ղի Զա­րեհ Ա. Պո­ղո­տա­յէն ու հա­սաւ մին­չեւ Ազգ. Գե­րեզ­մա­նա­տուն: Եր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մհեր Սու­սանիի, ապա յա­ջոր­դա­բար ջա­հե­րով տո­ղան­ցե­ցին ՀՄԸՄ-Ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան շար­քե­րը, ՍԵՄ-ի, ՔՈՄ-ի եր­տա­սարդ­նե­րը եւ Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը օր­ուան կար­գա­խօ­սը պար­զող եւ Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ու ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով:  Եր­թին մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճեմարանի Շրջ. Միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս խուռ­նե­րամ պա­հան­ջա­տէր ժո­ղո­վուր­դը: Եր­թը մայ­րա­մու­տի խորհր­դա­ւոր պա­հուն էր։ Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կան­չե­րով թն­դա­ցին։ Շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րը իրենց պատշ­գամ­նե­րէն մո­մեր բռ­նած կը զօ­րակ­ցէ­ին տո­ղան­ցող­նե­րուն, յատ­կան­շա­կան էր Գեր­մա­նիկ Վաս­պու­րա­կան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան պատշ­գա­մը, ուր առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն տո­ղան­ցող­նե­րուն բարձ­րա­ցած էին Հա­յաս­տա­նի եւ Սուր­իոյ դրօշ­նե­րը, իսկ երի­տա­սարդ­ներ մո­մեր բռ­նած կանգ­նած էին այն­տեղ սպա­սե­լով տո­ղան­ցող­նե­րու շար­քե­րուն:
Գե­րեզ­մա­նա­տան մուտ­քին փո­ղե­րա­խում­բը հն­չե­ցուց Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րին առ­ջեւ զե­տեղ­ուե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ, ապա հայ հո­գե­ւոր պե­տեր, տի­ար Յա­կոբ Քի­լէճ­եան եւ Ազգ. Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Ճորճ Շա­հին­եան մի­աց­նե­լով իրենց ջա­հե­րը վա­ռե­ցին յու­շա­քա­րին մօտ գտ­նուող ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջա­հը։
Օր­ուան բե­մա­վար Քրիս­տին Հա­մմաս­եան ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­լու յի­շա­տա­կը Սուր­իոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն: Ապա ըն­թացք առաւ գե­ղար­ուես­տա­կան կո­կիկ եւ տպա­ւո­րիչ յա­յտա­գիր մը, որուն ըն­թաց­քին ՍԵՄ-ակա­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին աս­մունք, մե­ներգներ եւ խմ­բերգ­: ՍԵՄ-ի Կենդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Գէ­որգ Շա­հին­եան վար­չու­թեան խօս­քը ար­տա­սա­նե­լով ըսաւ. «Հա­ւաք­ուած ենք ոգե­կո­չե­լու 20-րդ դա­րու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը: Հա­ւաք­ուած ենք կր­կին հա­ղոր­դա­կից դառ­նա­լու յա­նուն իրենց հայ­րե­նի­քին եւ հա­ւատ­քին նա­հա­տակ­ուած մեր նախ­նի­նե­րուն դա­րէ մը աւե­լի մեզ կտակ­ուած հա­ւատ­քին: Հա­ւաք­ուած ենք կր­կին մեր ընդվ­զու­մը յայտ­նե­լու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին, որ կը շա­րու­նա­կէ ոճ­րա­գոր­ծը պա­հել ան­պա­տիժ»: Շա­հին­եան աւելց­նե­լով ըսաւ, որ տա­րի­ներ ետք կր­կին ակա­նա­տե­սը եղանք Սուր­իոյ  եւ վեր­ջերս Ար­ցա­խի մէջ մարդ­կա­յին եւ հո­ղա­յին մեծ կո­րուս­տի, որ նոյն ցե­ղաս­պա­նին ծրագ­րա­ւո­րու­մով իրա­կա­նա­ցաւ։ Աւար­տին ան լու­սար­ձա­կի տակ առաւ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն աշ­խա­տան­քը եւ յայտ­նեց, որ մեր նա­հա­տակ­նե­րը պատ­մութ­եան մէջ չեն մեռ­նիր, այլ ամէն օր մե­զի հետ կ’ապ­րին ու կ’ոգեշն­չեն մեզ։ Աւար­տին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան իր  պատ­գա­մը ուղ­ղե­լով ըսաւ. «Այ­սօր 1915 եւ 2021 թուա­կան­նե­րու ընդգ­ծու­մով կը տես­նենք, թէ նոյն ոճ­րա­գոր­ծը իր ոճի­րը կը գոր­ծէ ոչ միայն հա­յու­թեան հան­դէպ,  այ­լեւ ողջ մարդ­կու­թեան: Այ­սօր Հա­լէ­պէն պատ­գամ մը կ’ուղ­ղենք նենգ գա­զա­նին, ըսե­լով, որ հա­կա­ռակ ցե­ղաս­պան թուր­քին ոճի­րին, հա­յը եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը, Տէր Զօ­րի անա­պատ­նե­րէն յառ­նած, կ’ապ­րի, կ’ապ­րեց­նէ եւ կը պահ­պա­նէ իր նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ու պա­հան­ջատ­ի­ա­կան պայ­քա­րը»։
Սր­բա­զան Հայ­րը շեշ­տեց, որ Հա­լէ­պ ազա­տագր­ուե­ցաւ թուր­քին հրո­սակ­նե­րէն՝ շնոր­հիւ երկ­րիս վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին եւ Սուր­իոյ արի բա­նա­կին, ընդ որում մենք ան­գամ մը եւս առիթ ու­նե­ցանք խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ մեր ձայ­նը բարձ­րաց­նե­լու եւ Թուրք­ի­ան յս­տա­կօ­րէն դա­տա­պար­տե­լու, մեր սե­րունդ­նե­րուն մէջ վառ պա­հե­լու մեր ար­դար իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման վճ­ռա­կա­մու­թիւնը: Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց երի­տա­սարդ­նե­րը այս կազ­մա­կերպ­ուած ջա­հեր­թին առի­թով եւ հաս­տա­տեց, որ մեր պայ­քա­րը յա­ւերժ է, իսկ մեր դա­տը՝ ան­ժա­ման­ցե­լի:
Ժիրայր Կարապետեան