(Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի կեդրոնական հանդիսութեան
բանախօս Զեփիւռ Է. ՐԷիսեանի արտասանած խօսքը)
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»։
Չմոռցանք, յիշեցինք, սգացինք մեր անձնական եւ հարազատներու կորուստները:
Չմոռցանք, յիշեցինք… եւ յառնելով վերականգնեցինք մեր անկախ պետականութիւնը։
Չմոռցանք, յիշեցինք… ու կերտեցինք նեմեսիսեան արդարահատոյցը։
Յիշեցինք… եւ ազգային զարթօնքով, ողբն ու ցաւը վերածեցինք պահանջատիրութեան, զինեալ պայքարով յաջողեցանք ճեղքել ցեղասպանութեան շուրջ հիւսուած լռութեան պատը։
Պայքարի այդ գաղափարաբանութեամբ զինուած նորօրեայ հերոսներու սխրանքներով, նուաճեցինք Մայիսեան յաղթանակ, փաստօրէն ունեցանք Արցախի Հանրապետութիւնը՝ վերանկախացած մայր հայրենիքին կողքին։
Յիշեցինք, պահանջեցինք… եւ վերջին տասնամեակներուն համահայկական միասնական ջանքերով ու ծով զոհողութիւններով որակական բարելաւում արձանագրած պահանջատիրական մեր երթով՝ սերունդներ ներշնչուեցան հպարտութեամբ եւ ստացան յարատեւելու մղում։
Այսպէս, անցնող հարիւր եւ հինգ տարիներուն յիշեցինք, պահանջեցինք ճանաչում ու դատապարտում, թշնամին մտահոգող հարիւրամեակի համահայկական հռչակագիրով՝ անցում կատարեցինք դէպի հողային պահանջատիրութիւն. ազգային այս նուաճումով արձանագրեցինք պատմական յառաջընթաց։
Սակայն եղեռնի զոհերու ոգեկոչման 106-ամեակը, պահանջատիրութեան տարեկան հաշուեյարդարի այս օրը կը թեւակոխենք աննախընթաց եւ արտակարգ պայմաններով ու օրակարգերով։
Արցախեան վերջին պատերազմի 44 օրերուն ցաւով ականատես եղանք եւ տակաւին մինչեւ այս օրը կ’ապրինք եւ կը զգանք, հարիւր տարուան ընդմիջումով կրկնուած, թրքական բարբարոսութիւնն ու վտանգը։ Կրկին տարածաշրջանային շահակցական կապերու սիրոյն քաղաքակիրթ աշխարհի մեծամասնութեան լուռ մեղսակցութեամբ՝ փանթուրանական նոյն նպատակի իրականացման ուղիով, ի գործ կը դրուին նոյն եղեռնագործութիւնները.-
Հայրենի բնօրրանէն բռնի տեղահանում
Ինչքերու բռնագրաւում,
սահմռկեցուցիչ ոճիրներ
Հազարամեակներու պատմամշակութային կոթողներու քանդումով, հայկական հետքերու վերացում իր հազարամեայ հայրենիքէն
Փաստերու խեղաթիւրում
Բազմահազար գաղթականներ զոհեր եւ… գերիներ։
Եւ մինչ թուրք-ատրպէյճանեան ղեկավար շրջանակներ ու ղեկավարներ յարձակողապաշտ վարքով կը խախտեն տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, որուն միակ երաշխաւորը երկար տարիներ եղած էր Հայաստանը, բացայայտ յաւակնոտութեամբ կը խօսին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու նկատմամբ, ռազմական աւարի պուրակ-թանգարանով պետական հովանաւորութեամբ կը խթանեն հակահայ մոլուցքն ու թշնամանքը։ Հայկական կարգ մը շրջանակներէ շառաչուն պատասխաններու փոխան կը լսուին տարածաշրջանային խաղաղ գոյակցութեան կամ բարի դրացնութեան ջատագովում, յարաբերութիւններու վերանայման ու շտկումներ կատարելու ուղերձներ, որոնք միայն կրնան ծառայել տասնամեակներով հետապնդուած թրքական պետական քաղաքականութեան շահերուն։ Կը լսուին քաղաքական տրամադրութիւն եւ ուղղուածութիւն բացայայտող ելոյթներ, որոնք կը յուշեն ցեղասպանութեան նկատմամբ պահանջատիրական պետական ուղիէն ու Արցախեան հիմնահարցէն հրաժարելու Թուրքիոյ ակընկալութիւններուն բաւարարութիւն տալու տրամադրութիւն. ելոյթներ, որոնք տարիներու հետեւողական ջանքերով Հայ Դատի յանձնախումբերու արձանագրած յաջողութիւններուն լուրջ հարուած կը հասցնեն եւ կը խոչընդոտեն անոնց յաջորդ քայլերը։
Այս բոլորը բնականաբար կ’առաջնորդեն մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածներու բեւեռացման ու պառակտումին։
Խռոված են հոգիները մեր նահատակներուն, խռոված ենք մենք բոլորս ու արդարօրէն զայրացած. ծանրօրէն վիրաւորուած է մեր ազգային ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը, այսուհանդերձ կարելիութիւն եւ իրաւունք չունինք ափսոսանքով կամ դառնութիւններով ընկրկելու, մեր արդար պայքարի նպատակասլացութեան թափը կասեցնելու։
Միջազգային կայսերապաշտական մոլուցքներու, տարածաշրջանային սպառնալիքներու եւ ներազգային ջլատող ու մտահոգիչ իրադարձութիւններու բերմամբ, ազգովին յայտնուած ենք նոր կորուստներու սպառնալիքի եւ լրջագոյն պատասխանատուութիւններու դէմ յանդիման։
Աւելի քան դարու մը հեռաւորութենէն որքան հնչեղ է Խրիմեան Հայրիկին հետեւեալ խօսքը. «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ է հայրենիքը կորստեան մատնում, քան եկած թշնամին»։
Այսօր ամէն ժամանակէ աւելի կարիք ունինք սփիւռք-հայրենիք միաւորուելու, միասնական ու համակարգուած աշխատանքներով տէր կանգնելու վտանգուած մեր հայրենիքին ու իրաւունքներուն, ամոքելու մեր նոր ցաւերը ու տակաւ առ տակաւ վերականգնելու մեր կորուստները։
Այսօր աւելի քան երբեք պարտաւոր ենք ըլլալ զգօն։ Մեր դարաւոր թշնամին՝ թուրքը, Օսմանեան սուլթաններու թէ յեղափոխական կամ հանրապետական յաջորդական ղեկավարներու ինքնութեամբ, պահը բաց չէ ձգած ու չէ վարանած՝ դիմելու ամենաանմարդկային ու արիւնոտ քայլերուն՝ ի խնդիր փանթուրքիզմի ու փանթուրանիզմի իր ծրագիրի իրականացման խոչընդոտ համարած՝ հայութեան ու Հայաստանի վերացման։
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը մեզի համար կը մնան թշնամի, այնքան ժամանակ որ չեն առերեսուիր իրենց պատմութեան ու ոճիրներուն հետ, այնքան ատեն որ կը շարունակեն ժխտողական իրենց քաղաքականութիւնը, այնքան ատեն որ կը խուսափին հայ ժողովուրդին հասցուցած իրենց վնասներուն համար հատուցում կատարելէ։
Ահա թէ ինչո՛ւ միջազգային ատեաններու կամ պետութիւններու կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան մասին վկայութեան ու ճանաչման ամէն մէկ յայտարարութիւն, դատապարտումի ամէն մէկ բանաձեւ, փոքր քայլերով իսկ մեր նպատակներուն մօտեցնելու իր հանգամանքէն մեկնած մեծ արժէք է մեզի համար։
Այստեղ փակագիծ բանալով կ’ուզեմ ընդգըծել նաեւ, վստահաբար բորորիս համար մեծ բաւարարութիւն եւ հպարտութիւն արթող, Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս 30-է աւելի պատգամաւորներու յախուռն ելոյթներէն ետք, միաձայնութեամբ ընդունուած եւ ողջունուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման որոշումը ու նոյն ուղիով ընթանալու կոչը՝ ուղղուած աշխարհի արդարատես խորհրդարաններուն եւ ի մասնաւորի՝ արաբական աշխարհին։ Թերեւս որպէս սուրիացի քաղաքացի պահ մը մտածենք, որ Սուրիոյ ճանաչումը արդարօրէն առաւել լուսարձակի տակ առած ըլլանք, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Սուրիական Հայրենիքը իր հողային տարածքով եւ ժողովուրդով, առաջին հաւաքական ու անհերքելի վկան եւ վկայագրողն է Հայոց ցեղասպանութեան. ապրուած վկայութիւն, որուն կու գար գումարուելու ժողովուրդի ներկայացուցչական տան անցեալ տարուան պետական պաշտօնական խօսքը։
Հայութեան մթագնած ու գորշ երկնակամարին վրայ լոյսի շող էր նաեւ վերջին օրերուն արեւմուտքի մէջ (Քանատա) ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւի մը եւս արձանագրութիւնը, կամ Եւրոխորհրդարանէն ներս հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ատրպէյճանեան անմարդկային ընթացքին դատապարտումը։
Այսօր անտարակոյս կը հաւատանք, որ հայոց դէմ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ ի գործ դրուած ոճիրը եթէ օրին միջազգայնօրէն եւ քաղաքական գերուժերու կողմէ դատապարտուած ըլլար եւ ենթարկուած՝ համապատասխան խիստ պատժամիջոցներու, ոճրագործի յաջորդող սերունդները գէթ պիտի չհամարձակէին տէր կանգնիլ Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաբեկչութեան ու ահաբեկիչներուն. պիտի չհամարձակէին ծրագրող, հովանաւորող ու գործադրութեան մէջ որոշիչ ու բացայայտ դերակատարութիւն ունենալով սանձազերծել Արցախի դէմ վերջին պատերազմը։
Յարգելով հանդերձ ընկերային, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու մէջ հարցերու նկատմամբ բնականօրէն գոյաւորուող տարբեր մօտեցումներն ու կարծիքները, անվարանօրէն կարելի է շեշտել, որ հայրենիքի սահմաններու ամբողջականութեան ու անձեռնմխելիութեան եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով ազգային ուղեգիծէն շեղիլը աններելի ու անթոյլատրելի է։ Անթոյլատրելի՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ կը շարունակուի անլոյծ մնալ Արցախի հիմնահարցը, երբ տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք ցեղասպանութեան դատապարտման ու հատուցման մեր արդար պայքարը։
Մեր հազարամեայ գոյերթը երբեւիցէ չէ ունեցած հեշտ ու հեզասահ ընթացք, պարտութիւններու տխուր ու փառապանծ յաղթանակներու էջերով լի է պատմութեան մեր մատեանը։
Ցաւոտ այս պատերազմով մեզի պարտադրուած իրավիճակը չի կրնար ընկճել մեզ. ընդհակառակը՝ կրնայ միայն խթանի վերածուիլ: Խթան՝ ազգովին խոր հաւատքով զինուելու եւ միասնական ջանքերով ու յաւելեալ ուժականութեամբ առաջ տանելու պահանջատիրական մեր աշխատանքները։ Կրնայ միայն զսպանակող ազդակի վերածուիլ, որ մենք յաւելեալ վճռակամութեամբ հետամուտ ըլլանք, ճանաչման ու դատապարտման որոշումներով, Հայ Դատի մեր թղթածրարը ուռճացնելու կողքին, գործնապէս անցնելու՝ արդար հատուցման մեր իրաւունքներուն տիրանալու միտուած աշխատանքներուն։ Զսպանակող ազդակ՝ պահանջատիրական մեր արդար պայքարին տալու նոր բովանդակութիւն եւ ուժականութիւն։
Այս կը պատգամէ մեզի մեր պատմութիւնը։
Այս կը պատգամէ մեզի հայու մեր ծինը։
Եւ վերջապէս այս կը պատգամեն մեզի մեր հին ու նոր նահատակները, որոնց յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք այսօր։