Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով սուր­իա­յա­հա­յե­րը Հա­լէ­պի մա­սին կը խօ­սին առանց պա­տե­րազմ բա­ռը գոր­ծա­ծե­լու: ՍԵՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կին հե­տե­ւե­լով, մար­դիկ տե­սան, որ Հա­լէ­պը միայն պա­տե­րազ­մի քա­ղաք չէ. հոն  ար­մատ նե­տած են պա­հան­ջա­տէր երի­տա­սարդ­ներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնա­յեն ծա­ռա­յե­լու իրենց ազ­գին՝ իրենց լու­ման բե­րե­լու մեր պայ­քա­րին: 23 Ապ­րի­լի երե­կոյ­եան ջա­հերթ կազ­մա­կեր­պե­լու միտ­քը ՍԵՄ-ական­նե­րունն էր: Բո­լորն ալ պատ­րաստ էին աշ­խա­տան­քի լծ­ուե­լու: ԿՎ-ը կազ­մեց յանձ­նա­խումբ մը, որ ստանձ­նեց ջա­հեր­թի ըն­թաց­քին օգ­տա­գոր­ծե­լի մո­մե­րուն, ջա­հե­րուն եւ պաս­տառ­նե­րուն պատ­րաս­տու­թիւնը: Հոն­կէ յա­ռա­ջա­ցաւ են­թա­յանձ­նա­խումբ մը, որ պի­տի ստանձ­նէր Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րին պատ­րաս­տու­թիւնը: ՍԵՄ-ի բո­լոր ըն­կեր­նե­րը, սա­կայն, միշտ ալ մէկ բռունց­քի պէս աշ­խա­տած են, ուս­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ եղող-չե­ղող բո­լորն ալ փոր­ձե­ցին իրենց կա­րո­ղու­թեան հա­մե­մատ օգ­տա­կար դառ­նալ իրենց ըն­կեր­նե­րուն՝ յա­ջողց­նե­լու հա­մար այս ձեռ­նար­կը: Մեր ձայ­նը բարձ­րաց­նե­լու նոր ձեւ մըն էր, որ նա­խա­պէս չէ­ինք յանդգ­նէր այս տա­րո­ղութ­եամբ իրա­կա­նաց­նե­լու Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րուն մէջ:
Ամէն օր որ կեդ­րոն կը հան­դի­պէի, կը տես­նէի թէ ինչ­պէ՛ս բո­լո­րը ԿՎ-ի ըն­կեր­նե­րուն ցուց­մունք­նե­րով լծ­ուած են աշ­խա­տան­քի։ Բո­լորս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ կը կար­գա­ւո­րէ­ինք այդ օր­ուան յա­տուկ աշ­խա­տանք­նե­րը, որով­հե­տեւ առա­ջին ան­գամն էր Հա­լէ­պի մէջ այս­պի­սի ձեռ­նարկ մը տե­ղի պիտի ու­նե­նար, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ վախ մը կար մեր մէջ՝ արդ­ե՞օք պի­տի կա­րե­նա­յինք յա­ջողց­նել զայն:
Հա­սաւ սպաս­ուած օրը, ժա­մը 6:30-ին բո­լոր ՍԵՄ-ական­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ մեր քոյր միու­թիւն­ներն ու մեծ թիւով հա­մա­կիր­ներ հա­ւաք­ուած էին ԱՔԵՃ շր­ջա­փա­կին մէջ։ Ժա­մը 7:00-ին ջա­հեր­թը պի­տի սկ­սէր։ Սկ­սանք աշ­խա­տան­քի, պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը ներ­կա­նե­րուն բաժ­նե­ցին մո­մեր, ջա­հեր, պաս­տառ­ներ: Բո­լորս շար­ուե­ցանք ու ճամ­բայ ելանք: Այդ վայրկ­եան­ուան զգա­ցումս տա­րօ­րի­նակ էր: Յուզ­ուած էի, որով­հե­տեւ մեր ջա­հեր­թին նպա­տա­կը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ ամ­եակն էր, ոգե­կո­չում էր, բայց մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ հպարտ էի, որ ձեռք-ձեռ­քի տա­լով, քա­նի մը օր­ուան մէջ կր­ցանք յա­ջողց­նել այս­պի­սի պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տանք մը, ու մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը բո­ցա­վա­ռել, ջա­հե­րուն կրա­կով մար­դոց ու­շադ­րու­թեան կայծ տալ, որ հե­տաքրքր­ուին, ճանչ­նան, ու­սում­նա­սի­րեն, ծա­նօ­թա­նան մեր դա­տին ու ճշ­մար­տու­թիւնը իմա­նան, ար­դա­րու­թեան հա­մար իրենք եւս պայ­քա­րին: Այլ եր­կիր­ներ բնա­կող մեր ըն­կեր­նե­րը իրենց զար­ման­քը կ’ար­տա­յայ­տէ­ին  մաս­նա­կից­նե­րու մեծ թիւին գծով: Մաս­նա­կից­նե­րը կար­գա­պահ զի­նուոր­նե­րու պէս ան­խօս կը քա­լէ­ին, անոնց աչ­քե­րը նոյն ար­տա­յայ­տու­թիւնը ու­նէ­ին, տե­սիլ­քը մէկ էր ու հա­ւատ­քը՝ միշտ ներ­կայ:
Միշտ ալ փա­փաք ու­նե­ցած եմ ներդ­րում մը բե­րել մեր դա­տին, իմ կա­րո­ղու­թեանս սահ­ման­նե­րուն մէջ, Հա­լէ­պի մէջ, ու թէ­եւ այս աշ­խա­տան­քը փոքր քայլ մըն էր Հայ Դա­տի ծա­նօ­թաց­ման ար­շա­ւին մէջ, սա­կայն մեր մէջ արթն­ցուց նոր միտ­քե­րով, նոր ծրա­գիր­նե­րով երի­տա­սար­դա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն թափ տա­լու մղում մը:
Անժելա Չաղլասեան