Սուր­իոյ մէջ ծայր առած եւ տա­սը տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով փակ­ուած Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն. Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի «Ար­շիլ Կոր­քի» կեր­պար­ուես­տի ու­սում­նա­րա­նին դռ­նե­րը վե­րա­բաց­ուե­ցան Ուր­բաթ, 7 Մա­յիս 2021-ին, Հա­մազ­գա­յի­նի նո­րա­կա­ռոյց «Զա­ւար­եան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս։
Ու­սում­նա­րա­նը հիւ­րըն­կա­լեց ար­ուես­տա­սէր պա­տա­նի­նե­րը եւ սկ­սաւ դա­սա­ւան­դու­թիւնը։
Կեր­պար­ուես­տի Յանձ­նա­խում­բը ակա­դեմ­իա­յի գոր­ծու­նէ­ու­թեան ճիւ­ղե­րը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի ընդ­լայ­նէ՝ նե­րա­ռե­լով քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան, ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու եւ նկար­չու­թեան տար­բեր տե­սակ­նե­րու առն­չուող դա­սըն­թացք­ներ։