ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական բաժակի աւարտական մրցումին, Ճապլէն պարտութեան մատնելով Հըթթինը, տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին: Մրցումի հիմնական ժամանակաշրջանը հաւասար աւարտելէ ետք, խումբերը դիմեցին տուգանային հարուածներու, որ վերջ գտաւ 5-4 արդիւնքով՝ ի նպաստ Ճապլէին:
– Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի ախոյեանութեան աւարտին, Դամասկոսի Սաուրան անգամ մը եւս յաջողեցաւ տիրանալ Սուրիոյ ախոյեանութեան, աւարտական փուլին պարտութեան մատնելով Ճալաաը: Զոյգ խումբերը հանդիպեցան երեք անգամ, որոնցմէ երկու մրցում աւարտեցաւ ի նպաստ Սաուրային: Աւելցնենք, որ Սաուրա խումբին մաս կը կազմէ Ալիսիա Մակարեան, որ կը նկատուի Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի լաւագոյն խաղացողներէն մէկը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԶԻՏԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԻՒՎԵՆԹՈՒՍ,
ԻՍԿ ԱԼԵԿՐԻՆ՝ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ
Իտալական թերթերը Կիրակի օրուան լուրերուն մէջ յիշեցին, որ Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զենատտին Զիտան այս տարի պիտի լքէ խումբը եւ պիտի ուղղուի Իտալիոյ բազմակի ախոյեան Իւվենթուս ակումբ: Այս տարաձայնութիւնները աւելի բազմացան, երբ սպանական ակումբը դուրս մնաց Եւրոպայի ախոյեանական մրցումներէն: Թերթերը յիշեցին նաեւ, թէ Մասիմիլանօ Ալեկրի գլխաւոր թեկնածուն է մայրաքաղաքի թագաւորական խումբի մարզիչութեան պաշտօնին:
ՄՈՐԻՆԻՕՆ ՌՈՄԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Իտալական Ռոմա ակումբի վարչակազմը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին մարզիչի պաշտօնը վստահուած է փորթուկալցի մասնագէտ Ճոզէ Մորինիոյին: Ակումբը նոյն օրը համաձայնաբար չեղեալ նկատեց պայմանագրութիւնը Փաուլօ Ֆոնսեքայի, որ դարձեալ փորթուկալցի է: Աւելցնենք,որ այս տարեշրջանին Ռոման գրաւեց Իտալիոյ ախոյեանութեան աղիւսակին 7-րդ դիրքը, ապահովելով 55 կէտ: Յիշենք, որ Մորինիօն իտալական ակումբներուն հետ արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ: Ան Ինթըր Միլանի հետ երկու տարուան ընթացքին տիրացած է հինգ տիտղոսներու, ապահովելով Իտալիոյ ախոյեանութիւնը, Հանրապետական բաժակն ու Իտալիոյ Սուփըր գաւաթը:
ՍՊԱՆԻՈՅ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 35-րդ փուլի մրցումներու ընթացքին, Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա հանդիպումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասար արդիւնքով: Հանդիպումի առաջին կիսախաղին Աթլեթիքոյի մարզիկները տիրապետեցին խաղարկութեան եւ այլ առիթներով հասան Շթենկենի դարպասին, վտանգի ենթարկելով զայն: Երկրորդ կիսախաղին, խաղարկութեան տիրապետեցին Մեսսիի ընկերները, բայց արդիւնքը նոյնը մնաց: Զոյգ խումբերուն մրցակիցը՝ Ռէալ Մատրիտը եւս չյաջողեցաւ յաղթական աւարտել իր մրցումը, եւ 2-2 արդիւնքով աւարտեց Սեվիլիայի հետ մրցումը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ