«Երկիր».-  ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Գարնոն եւ Միջազգային զարգացման նախարար Քարինա Կուլտ յայտարարած են, որ Քանատան  կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն եւ խորապէս յանձնառու է անոր մարդասիրական հետեւանքներու վերացման գործին: Հիմք ընդունելով 2020-ի պատերազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Քանատայի կողմէն տրամադրուած ֆինանսական օժանդակութիւնը` պաշտօնական Օթթաուան լրացուցիչ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլարի օժանդակութիւն  տրամադրած է Լեռնային Ղարաբաղի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ջանքերուն աջակցելու համար:

Ըստ յայտարարութեան, Քանատան կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ին` հակամարտութեան մշտական կարգաւորման հասնելու հարցին մէջ եւ կը խրախուսէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը` համագործակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին հետ: Քանատական կողմը նաեւ պատրաստակամութիւն  յայտնած է շարունակելու աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի  եւ ՄԱԿ-ի մէջ` հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ