«Ակունք».- 15 Յունիսին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիսաւոր կերպով «Ղարաբաղի շքանշան» յանձնած է Էրտողանի հետ Շուշի այցելած Հալուք Պայրաքթարին, որուն տնօրինութեամբ գործող «պայքար» ընկերութեան արտադրած ԱԹՍ-ները էական դեր կատարած են Արցախի պատերազմին Ատրպէյճանի յաղթանակին մէջ:
Ըստ թրքական «Սապահ» իշխանամէտ պարբերականին փոխանցումով, Հալուք Պայրաքթար պարգեւատրման մասին յայտնած է ընկերային մետիայի իր էջով: Ան գրած է․ «Յարգարժան Իլհամ Ալիեւի կողմէն արժանացայ «Ղարաբաղի շքանշանին», որ պատիւ ունեցայ ստանալու Ատրպէյճանի ազգային փրկութեան օրը, հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ներկայութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ Արցախի վերջին պատերազմի ընթացքին Թուրքիան անթաքոյց եւ մատչելի բոլոր միջոցներով օժանդակած է Ատրպէյճանին: