Աս­կէ առաջ, եւ գրե­թէ ամէն առի­թով, աժ­մ­է­ա­կան ու հիմ­նա­կան կարգ մը «վեր­նա­գիր­նե­րու» մա­սին փոր­ձած եմ քա­նի մը մատ­նան­շում­ներ կա­տա­րել, որով­հե­տեւ, բո­լո­րին նման, ես ալ մտա­հոգ եմ: Կը կար­ծեմ, որ իբ­րեւ մտա­հոգ հայ, նման «բա­ներ» պէտք է կր­կին ան­գամ լոյ­սին բե­րել:
Միտքս պար­զեմ:
Անց­եալ տարուընէ ի վեր, աշ­խար­հի պատ­մու­թիւնը խառ­նեց իր էջե­րը, որով­հե­տեւ անօ­րի­նակ հա­մա­ճա­րակ մը հա­սաւ իր գլ­խուն: Այլ խօս­քով, «Քո­րո­նա» ժահ­րը յան­կարծ անո­ղոք եւ ան­զի­ջող «բու­սաւ» եւ իր ներ­կա­յու­թեամբ, այս մեր գե­ղե­ցիկ ու կա­պոյտ երկ­րա­գուն­դը բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ հու­նի մը մէջ մտ­ցուց: Մար­դիկ սկ­սան իրենց վա­խէն ու մահ­ուան սպառ­նա­լի­քէն սար­սա­փած տու­նե­րէն ներս կա­մա­ւո­րա­բար ամ­փոփ­ուիլ, ինք­նա­մե­կու­սա­նալ: Այս ձե­ւով հե­ռա­ձայնն ու պատ­կե­րաս­փիւ­ռը, ինչ­պէս նա­եւ հա­մա­կար­գի­չը, դար­ձան զի­րար մի­ա­ւո­րող մի­ակ ան­մի­ջա­կան կա­մուրջ­նե­րը:
Ասոնք նո­րու­թիւն­ներ չեն: Գի­տեմ: Աւելց­նեմ նա­եւ, որ իրա­րու ետե­ւէ զա­նա­զան ար­ժէք­ներ ալ կորս­ուե­ցան: Մար­դոց օրե­րը, իրենց եր­կար ու կարճ ժա­մե­րով, գու­նա­թափ դար­ձան: Միու­թիւն­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, վար­ժա­րան­ներ, կր­թա­կան եւ ու­սում­նա­կան մեծ ու փոքր կեդ­րոն­ներ, հա­մալ­սա­րան­ներ եւ տե­սա­կա­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­ներ ու զա­նա­զան ծրա­գիր­ներ, իրենց մեծ ու փոքր առա­քե­լու­թեան մէջ, եթէ ոչ բո­լո­րո­վին, բայց մեծ մա­սամբ ան­գոր­ծու­թեան դա­տա­պարտ­ուե­ցան, կա­ղա­ցին, մի­ա­ժա­մա­նակ մեծ նա­հանջ ու բաց մը ար­ձա­նագ­րե­լով իրենց սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քին մէջ: Մէկ խօս­քով՝ աշ­խար­հը կար­ծես դժ­բախ­տու­թեան հետ ակա­մայ դա­շինք կն­քած ըլ­լար, ու այս­պէս ան­ժա­մա­նակ տագ­նա­պի մը մէջ սկ­սաւ գա­լա­րիլ: Մար­դիկ կորսն­ցու­ցին իրենց ներ­քին ան­դոր­րու­թիւնն ու հո­գե­կան խա­ղա­ղու­թիւնը:
Թէ­եւ կը կարծ­ուէր, որ կեան­քը նոյնն էր, սա­կայն այ­լեւս նոյ­նը չէր: Եւ ահա տա­րի մը եւ աւե­լի՝ յատ­կա­պէս այս օրե­րուն, այս բո­լո­րը հնու­թիւն­ներ դար­ձած են, բայց ու­զենք կամ չու­զենք «վարժ­ուե­ցանք» այս նոր ապ­րե­լա­կեր­պին: Թէ­եւ յա­ճախ խու­ճա­պի մէջ ապ­րե­ցանք, եւ մեր ժա­մե­րը տժ­գու­նե­ցան, մա­նա­ւանդ մեր բնա­կա­նոն կեան­քէն զրկ­ուե­ցանք, թոռ­նե­րէն եւ զա­ւակ­նե­րէն հե­ռու մնա­ցինք ու կար­ծես կա­մաց-կա­մաց սկ­սանք ան­ճա­նա­չե­լի դառ­նալ, բայց հի­մա մեր տու­նե­րէն կամ բնա­կա­րան­նե­րէն դուրս ել­լել չենք ու­զեր: Ու­տե­լիք, կամ ու­րիշ որե­ւէ անձ­նա­կան կամ էա­կան թուա­ցող ամէն տե­սա­կի կա­րիք կամ պի­տոյք, մին­չեւ տանդ դու­ռը կը բե­րեն: Ուս­տի ին­չո՞ւ դուրս, փո­ղոց ել­լել, քիթ-բե­րան գո­ցե­լով շու­կայ եր­թալ: Տե­սակ մը ծու­լու­թեան վարժ­ուե­ցանք: Ու այս նոր կեան­քը ձե­ւով մը մե­զի հա­մար հա­ճե­լի սկ­սաւ թուիլ՝ սո­վո­րու­թիւն: Դար­ձանք տե­սակ մը նոր մարդ եւ մարդ­կու­թիւն:
Ու եթէ այս բո­լո­րը հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար էին, հա­յե­րուս պա­րա­գա­յին ասոնց վրայ նա­եւ աւել­ցաւ ցարդ այս դա­րուս իր ճա­կա­տա­գի­րի ամէ­նէն սար­սա­փե­լի պա­տա­հա­րը՝ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազմն ու անոր ար­հա­ւիր­քը: Ու խո­րունկ ցա­ւը լեց­ուե­ցաւ մեր բո­լո­րին հո­գի­նե­րուն մէջ, առանց խտ­րութ­եան: Ամէն օր աղօթ­քի մր­մունջ­ներ սկ­սան թե­ւա­ծել հայ­կա­կան բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րէն, մին­չեւ եռաբ­լու­րի տա­րած­քին: Աշ­խար­հով մէկ, բո­լորս ալ շալ­կե­ցինք եւ տա­կա­ւին կը շալ­կենք պա­տե­րազ­մի ամ­բողջ ծան­րու­թիւնը: Ամէն ինչ գորշ է: Այս է իրա­կա­նու­թիւնը: Անս­տոյգ ներ­կայ եւ նոյն­քան ալ՝ ապա­գայ: Հասկ­նա­լի եւ ան­հասկ­նա­լի: Ան­կա­յուն եւ վտան­գա­ւոր վի­ճակ: Տե­սակ մը մե­զի ան­վա­յել: Եւ տա­կա­ւին այս մղ­ձա­ւանջ­նե­րուն վրայ նա­եւ կու գան աւել­նալ հին ու նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ ալ:
Գի­տեմ նա­եւ, որ այ­լեւս շա­տե­րուն բեր­նին ծա­մօն դար­ձած է մար­տահ­րա­ւէր բա­ռը: Խե՜ղճ բառ. քեզ ամէն ան­գամ տե­ղի կամ ան­տե­ղի որ­քա՜ն օգ­տա­գոր­ծած են: Մա­շե­ցու­ցած են քեզ կազ­մող բո­լոր տա­ռե­րը: Հին­ցու­ցած են իմաստդ, նոյ­նիսկ՝ իմաս­տազր­կած: Բայց իմ կար­ծի­քով, մէկ կողմ նե­տե­լով այս բազ­մա­զան «մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը», այս օրե­րուն կա­րե­ւո­րը նախ ախ­տա­ճա­նա­չումն է: Մեր ինք­նա­գի­տակ­ցութ­եան խթա­նու­մը: Եթէ կ’ու­զէք՝ մեր ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւնը: Որով­հե­տեւ այն ինչ որ այ­սօր հայ­րե­նի մեր հո­ղին վրայ տե­ղի կ’ու­նե­նայ, կը կար­ծեմ, որ շատ մտա­հո­գիչ է: Ան­տէր դար­ձած է մեր եր­կի­րը: Ո՛չ գլուխ ու­նի եւ ոչ ալ ոտք: Ցա­ւա­լի է: Բայց ո՞վ է լսո­ղը, կար­դա­ցո­ղը, մտիկ ընո­ղը…:
Ու հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, ան­կեղ­ծօ­րէն կը հա­ւա­տամ՝ «Սփիւռ­քը՝ Հա­յաս­տա­նին եւ Հա­յաս­տա­նը՝ Սփիւռ­քին հա­մար» լո­զուն­գին: Ին­ծի հա­մար ասի­կա՛ է հա­յու­թեան մէ­կու­թիւնը ար­տա­յայ­տող մի­ակ լո­զուն­գը եւ կամ լո­զունգ­նե­րուն ամէ­նէն կեն­սա­կա­նը, եթէ կ’ու­զէք: Ամէն սր­տով եւ հոգի­ով կ’ու­զեմ, որ նոր էջ մը բաց­ուի հա­յու­թեան հա­մար:
Ի՞նչն է մեր ամէ­նէն մեծ թշ­նա­մին: Արդ­եօ՞ք մեր անմ­խի­թար կա­ցու­թիւնը, թէ  յու­սա­հա­տու­թիւնը: Իսկ մեր կորս­ուած ժպի­՞տը, որուն բա­ցա­կա­յու­թեամբ տխուր ազ­գի մը վե­րած­ուած ենք…:
Ու­րեմն, ի՞նչ պար­տինք ընել:
Գի­տենք, որ ամէն հայ­րե­նիք եւ ամէն ազգ իւ­րա­յա­տուկ պայ­ման­ներ ու­նի հա­ւա­քա­կան կեն­սու­նա­կութ­եան հա­մար: Եթէ մենք մեր թե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին չխօ­սինք, ան­պայ­ման պի­տի տու­ժենք: Վկայ մեր պատ­մու­թիւնը: Մին­չեւ հի­մա, պա­տե­րազ­մէն կէս տա­րի ետք, տա­կա­ւին  ամէն բան յս­տակ չէ: Անոր հա­մար կը մտա­ծենք, կ’աղօ­թենք, կը մաղ­թենք եւ կ’երա­զենք: Ո՞ւր մնա­ցին մեր մեծ բաղ­ձանք­նե­րը, յոյ­զե­րը, խոր­հուրդ­նե­րը եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը: Չենք ու­զեր, որ մեր եր­կի­րը իբ­րեւ ան­տու­նի կամ մու­րաց­կան ու­րիշ­նե­րու դռ­նե­րուն առ­ջեւ պտ­տի: Լա­ւա­տեղ­եակ ենք, որ  են­թա­կայ ենք քա­ղա­քա­կան ճն­շիչ պայ­ման­նե­րու: Ու շուա­րած ենք, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նանք եր­թե­ւե­կել այս ներ­կա­յին մէջ: Ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նանք շն­չել հայ­րե­նի այս մթ­նո­լոր­տին մէջ: Ու այս եւ նման մտա­ծում­ներ կը շա­րու­նակ­ուին չարչր­կել մեր մտ­քե­րը: Գի­շեր-ցե­րեկ կը մտա­ծենք, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նանք վե­րագտ­նել կորս­ուածն ու կորս­ուած­նե­րը: Նման կա­ցու­թեան ծան­րու­թիւնը ար­դէն բոյն շի­նած է մեր միտ­քե­րուն մէջ: Զար­մա­նա­լի չէ: Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­ներն ալ ու­նե­ցած են յաղ­թա­նակ եւ պար­տու­թիւն, բայց ազ­գը իր նկա­րագ­րով կր­ցած է յաղ­թա­հա­րել: Հա­պա՞ մենք: Արդ­եօ՞ք այս գաղտ­նի­քին լա­ւա­տեղ­եակ ենք: Յայտ­նի է, թէ ինչ­պէ՛ս մեր մօտ, տեղ մը ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը տե­ղի տուած է եւ մեր մտ­քի ու հոգիի աւե­րու­մը՝ թա­փով շա­րու­նակ­ուած: Նա­եւ կը կար­ծենք, որ ճանչ­ցած ենք իրա­կա­նու­թիւնը, բայց չենք անդ­րա­դառ­նար, որով­հե­տեւ ընդ­հան­րա­պէս մե­ծա­մո­լու­թե­նէ կը տա­ռա­պինք: Ձրի հպար­տու­թիւնը, սնա­պար­ծու­թիւնը իմաստ չու­նին: Չենք ու­զեր աշ­խար­հին նա­յիլ մորթ­ուած գառ­նու­կի աչ­քե­րով: Մե­զի վա­յել չէ: Այս մէ­կը կրկ­նած եմ միշտ: Մեր կեան­քը, մեր սիր­տը պէտք է տրո­փեն: Որով­հե­տեւ մեր պատ­մա­կան վեր­ջին դէպ­քե­րը, իրենց բազ­մա­տե­սակ օղակ­նե­րով, բո­ցի գոյն առած են: Անոր հա­մար շատ տու­ժած ենք: Անոր հա­մար ալ կը տագ­նա­պինք:
Ըսինք, թէ ճիշդ է, որ ու­նէ­ինք թշ­նա­մի­ներ, բայց միւս կող­մէ ի յայտ եկաւ, թէ կար­ծեց­եալ դաշ­նա­կից­ներ ալ ու­նե­ցած էինք եւ մեր յոյ­սե­րը անոնց կա­պած: Ու չսոր­վե­ցանք, որ հայ­րե­նի­քը շու­կայ չէ, որ ու­զած ատենդ հոն­կէ առ­նես, թա­փես, սըր­բես, ծա­խես: Այլ՝ սր­բա­զան գա­ղա­փար է: Իրա­կա­նու­թիւն է: Ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնն է մեր փնտ­ռածն ու ու­զա­ծը, եւ որուն գո­յու­թիւնը օտա­րէն կախ­եալ չէ՝ այլ մեզ­մէ: Կար­ծես կորսն­ցու­ցած ենք հա­յու հո­գին եւ պա­հած՝ միայն ձե­ւը:
Ժա­մա­նակն է, որ ստեղ­ծենք յար­մա­րա­գոյն եւ օգ­տա­շատ ազ­գա­յին մթ­նո­լոր­տը, մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րը հե­տաքրք­րող եւ նե­րառ­նող ու մի­ա­ժա­մա­նակ գնա­հա­տենք մեր երկ­րի բո­լոր ար­ժէք­նե­րը: Քա­նի-քա­նի ան­գամ­ներ հայ մա­մու­լը այս մա­սին անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է: Բայց ո՞վ է կար­դա­ցո­ղը: Բո­լորս ալ ան­համ­բեր կը սպա­սենք հա­յու գի­տակ­ցու­թեան սթա­փու­մին: Կը ցան­կանք, որ հա­յը ան­պայ­ման եւ շու­տով ինք­զինք գտ­նէ եւ իր ներ­կա­յու­թիւնը հաս­տա­տէ այս աշ­խար­հի քար­տէ­զին վրայ:
Հե­րի՛ք է, շատ եր­կա­րե­ցան հիւան­դոտ մեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը: Վեր­ջա­պէս երա­զին ե՞րբ պի­տի յաղ­թենք: Խօս­քէն գոր­ծի անց­նե­լու ժա­մա­նակն է: Մե­զի նոր առա­քե­լու­թիւն է պէտք, ու նա­եւ ազ­գա­յին ոգի­ով լից­քա­ւոր­ուած ղե­կա­վա­րու­թիւն, սա­կայն եւ ան­պայ­ման հայ­րե­նի կեան­քին նոր բա­նա­լի ապա­հո­վող ղե­կա­վա­րու­թիւն: Կուռ­քեր ստեղ­ծե­լու ժա­մա­նա­կը շա­տոնց ան­ցած է: Կը կար­ծեմ, որ տա­կա­ւին մեզ­մէ շա­տեր նման հար­ցե­րու ար­մատ­նե­րէն ալ հե­ռու են:
Արդ, շատ տխուր պի­տի ըլ­լայ, եթէ իրա­պէս չճանչ­նանք իրա­կա­նու­թիւնը: Ա՛յս ուղ­ղու­թեամբ պէտք է տար­ուին բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, որ­պէս­զի հա­յու ամ­բող­ջու­թիւնը կան­գուն մնայ:
Ահա հին ու նոր մղ­ձա­ւանջ­նե­րը: Բայց հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, էա­կան է որ ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ ձեռ­քե­րով մեր յոյ­սե­րը չմորթ­ուին: Ժա­մա­նակն է նա­եւ վե­րագտ­նե­լու մենք զմեզ եւ մեր լիու­թիւնը:
Գէորգ Պետիկեան