ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 -Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի գլ­խա­ւոր մար­զիչ Նա­պիլ Մա­ա­լուլ Չի­նաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն պար­տու­թիւն կրե­լէ ետք հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց: Սուր­իոյ Մար­զա­կան Գե­րա­գոյն Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Ֆի­րաս Մուալ­լա քնն­դա­տեց Մա­ա­լու­լի աշ­խա­տան­քը, յայտ­նե­լով, որ հա­ւա­քա­կա­նի խա­ղար­կու­թեան մա­կար­դա­կը նուա­զած է եւ ան ար­ժա­նի չէ ոչ մէկ պար­գե­ւատ­րու­մի:
Աւելց­նենք, որ ֆութ­պո­լի կո­մի­տէն բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկ­սաւ վա­րել հա­ւա­քա­կա­նին նոր մար­զիչ մը ապա­հո­վե­լու հա­մար:
– Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Սուր­իոյ Մար­զա­կան Գե­րա­գոյն Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Ֆի­րաս Մուալ­լա հիւ­րըն­կա­լեց Սուր­իոյ պաս­քե­թի հա­ւա­քա­կա­նը, եւ գնա­հա­տեց անոնց ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նա­կը: Մուալ­լա խոս­տա­ցաւ նե­ցուկ կանգ­նիլ հա­ւա­քա­կա­նին, աւե­լի բարձր նուա­ճում­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՍԵՐԺԻՕ ՌԱՄՈՍ ՉԿՐՑԱՒ ԶՍՊԵԼ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ
Մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, Սերժիօ Ռա­մոս իր ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ չկր­ցաւ զս­պել                ար­ցունք­նե­րը: Ան 16 տա­րի մայ­րա­քա­ղա­քի խում­բին հետ տի­րա­ցաւ բազ­մա­թիւ տիտ­ղոս­նե­րու: Ռա­մոս ըսաւ. «Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ’ու­զեմ յայտ­նել ակում­բի նա­խա­գա­հին, մար­զիչ­նե­րուն, ըն­կեր­նե­րուս եւ բո­լոր պաշ­տօ­նէ­ու­թեան, որոնց հետ ապ­րած եմ կեան­քիս ամէ­նէն լաւ օրե­րը. Կ’ու­զէի ակում­բը լքել դաշ­տին մէջ, ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յու­թեան: Պա­տա­նի տա­րի­քիս հօրս հետ մուտք գոր­ծե­ցի ակումբ, եւ այ­սօր ու­նիմ ըն­տա­նիքս, որուն դարձ­եալ կը յայտ­նեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս»: Աւար­տին Ռա­մոս պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ Ռէ­ալ Մատ­րի­տի շքան­շա­նով:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԵՐԵՔ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԵՌԱՑԱՒ
 Եւ­րօ 2020-ի մր­ցում­նե­րու շր­ջա­գի­ծին մէջ, Թուրք­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը երեք պար­տու­թիւն կրե­լով հե­ռա­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մր­ցա­շար­քէն: Ան Կի­րա­կի օր 3-1 ար­դիւն­քով զի­ջե­ցաւ Զուի­ցեր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նին, որ­մէ չորս օր առաջ, ան դարձ­եալ պարտ­ուե­ցաւ Ուէլ­զէն՝ 2-0 ար­դիւն­քով: Նոյն խմ­բա­կէն, Իտալ­ի­ան երեք յաղ­թա­նակ­նե­րով գրա­ւեց աղիւ­սա­կին առա­ջին դիր­քը եւ փո­խանց­ուե­ցաւ յա­ջորդ փուլ: Փոր­թու­կա­լի հա­ւա­քա­կա­նը 4-2 ար­դիւն­քով ծանր պար­տու­թիւն մը կրեց Գեր­ման­իոյ կազ­մէն, իսկ Հուն­գար­իա-Ֆրան­սա, Սպան­իա-Լե­հաս­տան եւ Խր­ուաթ­իա-Չեխ­իա հա­ւա­քա­կան­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը աւար­տե­ցան 1-1 հա­ւա­սա­րու­թեամբ, մինչ­դեռ Շուէտ 1-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Սլո­վաք­ի­ան: Նոյն ար­դիւն­քով Ֆրան­սան պար­տու­թեան մատ­նեց Գեր­ման­ի­ան, իսկ Ռուս­ի­ան՝ Ֆին­լան­տան:
ՄԻԼԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԽԱՂԱՑՈՂԸ
Ըստ ua.tribuna.com-ի, Իտալ­իոյ Մի­լա­նը հե­տաքրքր­ուած է Ուք­րան­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի եւ Պել­ճի­քա­յի Քեն­տի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող Ռո­ման Եա­րեմ­չու­կի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով։ Իտա­լա­կան ակում­բի մար­զիչ Փաու­լօ Մալ­տի­նին այս հար­ցով դի­մած է Քեն­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Մի­լան փա­փաք ու­նի 3 միլի­ոն եւ­րո­յով ձե­ւա­կեր­պել Եա­րեմ­չու­կի մէկ տար­ուան վար­ձա­կա­լու­թիւնը, այ­նու­հե­տեւ փո­խադ­րու­թեան 15 միլի­ոն եւ­րո­յով գնե­լու իրա­ւուն­քով։
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ