Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, 21 Յուլիսին հրապարակեց Սուրիոյ միջնակարգ վարժարաններու աւարտական կարգի՝ պռովէի պետական քննութեան արդիւնքները: Կրթութեան նախարար Տարէմ Թապպաա յայտարարեց, որ յաջողութեան տոկոսը հասած է 76,23%-ի, իսկ 78 աշակերտ աշակերտուհիներ ապակոված են ամբողջական գնահատանիշ՝ 3100: