16 Յուլիսին, դատարանի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ.«Այս ապօրինութիւններուն լոյսին տակ լուռ են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները: Ինչ որ կը կատարուի մեր երկրին մէջ, Հայաստանի նորանկախ պատմութեան մէջ նման խայտառակութիւն, իրաւական եւ քաղաքական «պեսփրետըլ» (անսահաման«Գ.»)չէ եղած»: Նշենք, որ դատարանի մէջ քննութեան տակ է Սիսիանի համայնքապետ Արթուր Սարգսեանը կալանաւորելու առնչութեամբ միջնորդութիւնը: «Եթէ փորձեմ քաղաքական, իրաւական եզրոյթներով բնութագրել կամ գնահատել իրավիճակը, շատ դժուար է: Մարդ մը, որ կասկածելի ընտրութեան հետեւանքով վերարտադրուած է, կը փորձէ երկրին մէջ հաստատել պարզապէս բռնատիրութիւն: Սա ակնյայտ քաղաքական հետապնդում է: Ին՞չ կը նշանակէ ընդդիմադիր կուսակցութեան ցանկէն պատգամաւորի թեկնածուները նման խայտառակ, կեղծ մեղադրանքներով բերման ենթարկել ու կալանաւորել: Այս ամէն չի կրնար լաւ աւարտ ունենալ: Սա նոր ճգնաժամ պիտի բերէ, մենք պիտի չհանդուրժենք, երբեք չենք կրնար համակերպիլ այս իրավիճակին հետ եւ ըսած ենք, որ քաղաքական հետապնդումներէն զատ այս ամէնը կը կատարուի նաեւ յատուկ նպատակով` Սիւնիքը թուլացնելու, մեր դիմադրողականութիւնը կոտրելու ու ցաւոտ, նոր զիջումներ կատարելու համար: Այս մարդը Ալիեւի հետ պասերով կը խաղայ», ըսաւ Սաղաթէլեան: Սաղաթէլեան յայտնեց, որ եթէ երկրին մէջ չկայ Սահմանադրութիւն, իրաւական լուծումներ, ապա «Հայաստան» դաշինքի կողմ ընտրած քաղաքացիները պէտք է պայքարին գործող իշխանութեան դէմ. «Իրենք նաեւ շատ լաւ կը հասկնան` կարելի չէ «53 տոկոս» հաւաքած իշխանութիւնը ինքզինք պահել այսպէս: Իրենք կը հասկնան, որ իրենց իշխանութիւնը ժամանակաւոր է եւ կը փորձեն այս ճամբով երկնցնել իրենց իշխանութիւնը»: Անդրադառնալով Երասխի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմի աշխուժութեան` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մենք ըսած ենք, որ այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը հաւասար է պետականութեան կորուստին:Որովհետեւ այս իշխանութիւնը կայ, դուք ամէն առաւօտ սպասեցէք հերթական վատ լուրը: Եթէ Ալիեւը ըսած է` մենք ունինք Ալեւելեան Զանգեզուր, կ’երթանք Արեւմտեան Զանգեզուրը առնելու, խօսած է արդէն Երեւանէն, Սեւանէն, իսկ այս մարդը ինկած ու մեր ժողովուրդը ձերբակալած է: Ձերբակալած է այն մարդոց, որոնք կը կազմակերպէին իրենց մարզի ինքնապաշտպանութիւնը: Նոր գերիներ, նոր կորուստներ, ինչու՞ բանակէն կը հեռացնէին ամենահաստատուած, ամենամարտական հրամանատարները: Այս ամէնը կը քօղարկէ տարբեր կեղծ, ծիծաղելի, արդէն զզուելի, բայց երբեմն ժողովուրդի ականջին հաճելի լոզունգներով»: Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ այս ապօրինութիւններու լոյսին տակ լուռ են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները: «Շարունակ կը կերակրէին` եկէք զիջենք, որ լաւ ապրինք, զիջումները կը բերեն խաղաղութիւն: Կը կարծեմ` մարդիկ կը հասկնան արդէն, որ այդ զիջումները պիտի բերեն նոր պատերազմ, այդ զիջումները երբեք պիտի չբերեն խաղաղութիւն: Թշնամիին առջեւ ծունկի եկած իշխանութիւնը չի կրնար պաշտպանել մեր պետութիւնը, ժողովուրդին շահերը», ըսաւ Սաղաթէլեան: