«Ապառաժ».-Ատրպէյճանի մէջ սկսած է փապուղիներու կառուցումը Ահմետպէյլի-Ֆիզուլի-Շուշի (Ահմետպէյլի-Վարանդա-Շուշի) ինքնաշարժային ճամբուն վրայ: Նոր նախագիծին համաձայն, ճամբու երկարութիւնը կամուրջներու եւ փապուղիներու հաշուին կը կազմէ 84,6 քմ: Փապուղիները պիտի կառուցուին բարդ ռելիէֆ ունեցող շրջաններու մէջ եւ շրջադարձերու վրայ: Ճամբան, ընդհանուր առմամբ, 7 փապուղի պիտի կառուցուի, որոնց ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 6,3 քմ: Փապուղիները պիտի կառուցուին երկու ուղղութեամբ եւ 12 մեթր լայնութեամբ: Նոր մայրուղիի երկայնքով կը նախատեսուի տարբեր բարդութեան հանգոյցներու կառուցում: